ՄԱՀ՝ ՄՈՎՍԷՍ ՊԸՉԱՔՃԵԱՆԻ

Ցա­ւով տե­ղե­կա­ցանք, որ Փա­րի­զի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է սփիւռ­քա­հայ ե­րէց սե­րուն­դի գրող­նե­րէն Մով­սէս Պը­չաք­ճեան։ Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ան ու­նե­ցած է ա­ռող­ջա­կան վե­րի­վայ­րում­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով փո­խադ­րուած է հի­ւան­դա­նոց, սա­կայն դժբախ­տա­բար ի­րեն մա­տու­ցուած խնամ­քը մնա­ցած է ան­բա­ւա­րար։

76 տա­րե­կան հա­սա­կին կեան­քէ հե­ռա­ցած Պը­չաք­ճեան անգ­լե­րէն լե­զուի եւ գրա­կա­նու­թեան մաս­նա­գէտ էր։ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի գա­ղութ­նե­րուն մէջ թէ՛ ար­տադ­րած եւ թէ գոր­ծած էր որ­պէս կրթա­կան մշակ։ Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ամ­փո­փուած էին վեր­ջերս Ե­րե­ւան լոյս ըն­ծա­յուած հա­տո­րի մը մէջ։

Մով­սէս Պը­չաք­ճեան եր­կար տա­րի­ներ վա­րած էր նաեւ Փա­րի­զի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ դի­ւա­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2016