ՎԱՅՐԿԵՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒՄՆԵՐ

Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած ընտրութեան առկայ փակուղիի մթնոլորտին մէջ բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ դարձեալ կը հրապարակուին իրերայաջորդ յայտարարութիւններ։ Երէկ հրապարակած էինք Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ծաւալուն յայտարարութիւնը՝ պատրիարքական ընտրութեան ներկայ փուլին մասին։ Ան այդ հրապարակումը ըրած էր՝ մասնաւորապէս յստակեցնելու համար վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Սփիւռքի կարգ մը լրատուամիջոցներուն մօտ արձագանգ գտած իր յայտարարութիւնները յստակեցնելու առաջադրութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ կային Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի վերաբերեալ երեսակներ՝ անմիջապէս յաջորդեց նոր լուսաբանութիւն մը։ Այս անգամ յայտարարութիւնը եկաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Դիմագիրքի վրայ թրքերէնով հրապարակուած ամփոփ բացատրութիւնը նորին սրբազնութեան կողմէ ուղարկուած է նաեւ մեր մամուլին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կարիքը զգացած է անմիջապէս լուսաբանութիւն մը հրապարակելու՝ հերքելով իրեն հասցէագրուած պնդումները, ըստ որոնց ինք խուսափած է պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելէ։ Նորին սրբազնութիւնը շեշտած է նաեւ, որ վերջին իրադարձութիւնները կ՚արդարացնեն զինքը այս հարցին մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գրեթէ վայրկենական արագութիւնով ուղղումներ կատարած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրապարակումներուն փոխարէն եւ այս առթիւ դիտել տուած է, որ այսօր բազմաթիւ քահանայ հայրեր իրեն կը դիմեն զղջումով ու կը խոստովանին, թէ մի առ մի իրենց հետ շփում հաստատուած էր տեղապահի ընտրութենէն առաջ՝ համոզման համար։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտարարութեան մէջ կը բիւրեղացնէ տեղապահի ընտրութեան նախորդած շարք մը իրադարձութիւնները։ Ըստ իրեն, հանգստեան կոչուած պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի ցկեանս պատրիարք մնալուն համար Եկեղեցական համագումարը որոշում առած է եւ այդ մէկը արժանացած՝ պետութեան հաւանութեան։ Հետեւաբար, խորքին մէջ անկարելի էր պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկել եւ այդ իրավիճակին մէջ ինք կը դիմագրաւէր ճնշումներուն յարձակումները։ Այս խնդրի յաղթահարման համար Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան առաջարկած է հանգստեան կոչել Մեսրոպ Պատրիարքը՝ յաղթահարելու համար ընտրութեան արգելքը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը յայտնէ, որ ինք չէ խոչընդոտած եւ ընդունած է այդ առաջարկը։ Պատրիարքի հանգստեան կոչուելէն վերջ պատրաստուած է նամակի նախագիծ մը՝ կուսակալութիւն ուղարկելու համար։ Այդ նախագծի բովանդակութեան շուրջ ալ երկու սրբազանները մեծաւ մասամբ եղած են համամիտ։ Նամակին մէջ արտայայտուած էր պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու փափաքը։ Տարակարծութիւնը գոյացաւ Նախաձեռնարկ մարմնի պարագային։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մօտեցումը այն էր, որ ընտրութեան թոյլտուութիւն ունենալէ վերջ նախաձեռնարկ մարմնի մը ստեղծուիլը պիտի ըլլար նպատակայարմար։ Սակայն Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համոզմամբ, նախաձեռնարկ մարմինը կանխաւ կազմուած պէտք է ըլլար։ Հետեւաբար, երկու սրբազանները չստորագրեցին այդ նամակը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մատնանշէ, որ ներկայիս ստեղծուած կացութիւնը կ՚արդարացնէ իր մօտեցումը։ Իր տեսանկիւնէն այս հանգամանքը կը ջրէ նաեւ իրեն հասցէագրուած մեղադրանքները, ըստ որոնց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նամակով մը կուսակալութեան չէ տեղեկացուցած, որ պատրիարքը կոչուած է հանգստեան։

Յարակից սիւնակին մէջ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի բնագիրը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017