ՎԱՇՉԻՔՈՎՍՔԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վիթոլտ Վաշչիքովսքի վաղը Երեւան պիտի այցելէ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Երկու նախարարներու գլխաւորութեամբ պիտի վարուին բանակցութիւններ եւ նախատեսուած է անոնց համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Հիւր նախարարը Երեւանի մէջ պիտի ընդունուի նաեւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017