ԱԼԻԱՂԱՅԻ ՄԷՋ ԶՏԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ալիաղայի մէջ, Իզմիր, այսօր տեղի կ՚ունենայ «Սթար» զտարանի պաշտօնական բացումը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կը մասնակցին արարողութեան։ Այս զտարանը կառուցուած է Թուրքիոյ կողմէ եւ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան՝ ՍՕՔԱՐ-ի մասնակցութեամբ։

Այս զտարանը Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ վերջին տարիներուն կեանքի կոչուած նաւթի մեծագոյն ծրագիրը կը հանդիսանայ։ Ան Թուրքիոյ մէջ առաջինն է, որ ունի՝ «Ռազմավարական ներդրման խրախուսման փաստաթուղթ»։ Բացումին ներկայ կը գտնուին զանազան ուժանիւթի ընկերութիւններու ղեկավարներ եւ պետական գործիչներ։

Ալիաղայի զտարանի բացման զուգահեռ՝ հանդիպում մըն ալ տեղի կ՚ունենայ Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ։  

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018