ՀԱՐՈՒԱԾ՝ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու շաբաթավերջի ընտրութեանց առաջին փուլի արդիւնքները եղան ծանր հարուած մը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։ Կասկածէ վեր է, որ անցեալ կիրակի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութեանց արդիւնքները նոր էջ մը պիտի բանան երկրի քաղաքական օրակարգին վրայ։ Խօսքը միայն «ո՛վ յաղթեց» կամ «ո՛վ պարտուեցաւ» մօտեցումին մասին չէ։ Արդարեւ, երեւելի սկսաւ դառնալ, որ Փաշինեանի եւ անոր «մարդ-կուսակցութիւն»ը համարուող «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի վարկի մարման փուլը սկիզբ առած է։ Ճիշդ է, որ վարկանիշային առումով այդ մասին նոյնպէս լսելի կը դառնար անցեալ 20 յունիսի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, բայց եւ այնպէս, Կիւմրիի (Հայաստանի երկրորդ քաղաք) եւ Գորիսի (Ատրպէյճանի կողմէն սահմանային եւ բազում առումներով ռազմավարական արժէք ներկայացնող քաղաք) մէջ արձանագրուած արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Հայաստան մտած է բոլորովին նոր փուլ մը, որ Փաշինեանի իշխանութեան «փետրաթափման» երեւոյթով կը բնորոշուի։

Անշուշտ, բազում են այն հիմնարար գործօնները, որոնք ստեղծեցին այսօրուան պատկերը, բայց եւ այնպէս, ինչպէս որեւէ իշխանութեան պարագային՝ աւելի քան հասկնալի է, որ հակառակ քաղաքական օրակարգի կշիռքին վրայ մեծ ծանրութիւն ներկայացնող իշխանական մեծ կշռաքարերուն, ամէն բան կ՚ընթանայ իշխանութեան կամեցածի ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ։ Ամէն պարագայի տակ, եթէ վերլուծելու ըլլանք՝ մասնաւորապէս Կիւմրիի եւ Գորիսի պարագաները, մեզի համար պարզ պիտի դառնայ, որ Գորիսի պարագային ազդեցութիւն ունեցած է անվտանգութեան խնդրով իշխանութեան թողլքող մօտեցումները, իսկ անդին Կիւմրիի մէջ պատկերը բոլորովին այլ է, նաեւ կապ ունի վերջին երեք տարիներուն այդ քաղաքին համար տրուած եւ չկատարուած, նոյնիսկ կիսատ խոստումներուն հետ։ Ի դէպ, հարկ է անպայման շեշտադրել, որ այս ընտրութիւններու արդիւնքէն ետք երկու հիմնական պարագաներ կրնան յառաջանալ Հայաստանի մէջ։

Կա՛մ իշխանութիւնները «խելքի գալով» կը փոխեն իրենց անձնաւորուած եւ նոյնիսկ անձնակեդրոն վարքը (բան մը, որ բաւականին դժուար խնդիր է, անձի գործօնով տեղ հասած իշխանութեան համար), կամ ալ իշխանութեան մինչեւ հիմա առկայ եւ իրերուն «վերէն նայելու» ոճը կը միաւորէ երկրի ընդդիմադիր ձայնը, որ, իր կարգին, ընթացք կրնայ տալ նոր որակի եւ աւելի վճռական իշխանափոխութեան գործողութիւններու։

Այստեղ անմիջապէս ներկայացնենք, թէ ի՛նչ էին՝ մասնաւորապէս Կիւմրիի եւ Գորիսի արդիւնքները։ Յիշեցնենք, որ Գորիսի յաղթանակ տարած եւ վերընտրուած քաղաքապետը՝ Առուշ Առուշանեան բանտարկուած է եւ անցեալ յունիսէն առաջ ալ կը գտնուէր կալանքի տակ։ Ըստ նախնական արդիւնքներու՝ Գորիսի մէջ յաղթանակ տարած է։ Կիւմրիի մէջ ալ յաղթանակ տարած է «Բալասանեան» դաշինքը, որ ստացած է ձայներու 36,58 տոկոսը, իսկ իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը ստացած է 29,56 տոկոսը, «Զարթօնք» կուսակցութիւնը՝ 10,60 տոկոսը, «Ապրելու երկիր»ը՝ 5,65 տոկոսը, իսկ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը՝ 5,06 տոկոսը։ Գալով Գորիսին, այնտեղ ինչպէս վերը նշեցինք, յաղթած է «Առուշ Առուշանեան» դաշինքը ձայներու բացարձակ առաւելութեամբ՝ ստանալով 6269 քուէ կամ ընտրողներու ձայներու 60,2 տոկոսը։ «Առուշ Առուշանեան» դաշինքի հիմնական մրցակիցն էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որու ի նպաստ քուէարկած է 3568 հոգի կամ ընտրողներու 34,3 առ հարիւրը։

Այս բոլորէն ետք ընտրութիւններուն մասին ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է «Այլընտրանքային նախագծեր» նախաձեռնութիւնը, որ այս փուլին մասնաւորապէս կ՚ընդգծէ.

Երէկ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու խնդրին եւ «ո՞վ յաղթեց» կամ «ո՞վ պարտուեցաւ» պարզ հարցումներուն ետեւը, իրականութեան մէջ, խորքային գործընթացներու նախանշաններ են։ Անոնք շատ աւելի կարեւոր են՝ քան համայնքապետներու անուն-մականունները։

1. Իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութիւնը տեսանելի պարտութիւն կրած է։

2. Անցեալ 20 յունիսի արտահերթ ընտրութեան պատկերը արդէն հինցած է։

3. Մասնակցութեան ցած ցուցանիշները կը խօսին ժողովուրդի եւ պետականութեան վտանգաւոր օտարացման մասին։

4. Հայաստանի մէջ սրընթաց կ՚ընթանայ հասարակութեան կենցաղայնացում, ինչ որ յաւելեալ վտանգ մըն է անվտանգային նման մարտահրաւէրներով պետութեան մը համար։

5. Հայաստանի մէջ առկայ է նոր քաղաքական-հասարակական հոսանքներու եւ միաւորումներու կենսական պահանջքը։ 20 յունիսի միաւորներէն, ըստ էութեան, մասնակցած է միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը, որ ալ կրած է պարտութիւն։

6. Անձնական հարթութեան վրայ բանտ նստած Առուշը յաղթած է զօրքով շրջող Նիկոլին։ Սա ուղիղ ահազանգ պէտք է ըլլայ Նիկոլի եւ «մեր դէմ խաղ չկայ» հոգեբանութեամբ իշխանական նեղ խումբին համար։ Գորիսի ընտրութիւններու դասերն են.

- Հրաժարիլ անձնական վատութիւններէն եւ հարցերը անձնական հարթութեան վրայ տեղաւորելէ։ Ոչ մէկ իշխանութիւն յաւերժ է եւ անձնական վատութիւնները ունին յիշողութիւն։ Այդ ոչ մէկուն պէտք է։ Եթէ իշխանութիւնը հասկնայ այս բանը եւ փոխէ իր ոճը, ապա մթնոլորտը երկրին մէջ նկատելիօրէն կը լիցքաթափուի, ինչ որ ձեռնտու է առաջին հերթին իշխանութեան համար։

- Կուրօրէն հրահանգներ կատարող քննիչները, դատախազները եւ դատաւորները պէտք է ճիշդ հետեւութիւններ ընեն՝ գոնէ սեփական շահու գիտակցութեամբ։

7. Որքան ալ զաւեշտալի հնչէ, բայց տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն յետոյ նուազած են ժողովուրդի անունով խօսելու՝ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ խորհրդարանական ընդդիմութեան իրաւունքները։

8. Ակնյայտ կը դառնայ նոր միաւորման օրակարգի անհրաժեշտութիւնը։ Հասարակութիւնը միաւորող գաղափարներու կարիքը ունի։

9. Հանրային տրամադրութիւնները եւ հասարակական անորոշութիւնները յառաջիկային կրնան ստիպել կա՛մ երթալ նոր խորհրդարանական ընտրութիւններու եւ կա՛մ սահմանադրական փոփոխութիւններով նախագահական կառավարման համակարգի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021