ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ մաէսթրօ Կոնստանդին Օրբելեանին, որ սկսած է պաշտօնավարել՝ որպէս Նիւ Եորքի քաղաքային օփերայի խմբավար ու երաժշտական ղեկավար։ Առաջնորդանիստ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ կազմակերպուած էր յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունիի եւ ամերիկահայ ծանօթ համայնքային գործիչ Շողակ Յովհաննէսեանի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեանի հովանաւորութեան ներքեւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան, Շիքակոյի եւ շրջակայքի Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Օսքար Թաթոսեան, Մեթրոփոլիթըն օփերայի տնօրէններու խորհուրդի ատենապետ Էնն Զիֆֆ, յայտնի բարերար Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆաեան ամոլը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։

Առաջնորդարանի համալիրի «Գաւուքճեան» սրահի երդիքին տակ բոլոր ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին մաէսթրօ Կոնստանդին Օրբելեանը, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը Երեւանի Պետական օփերայի գլուխը կը գտնուէր եւ հրաւիրուած էր ստանձնելու ներկայ պաշտօնը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021