ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց՝ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած, «3+3» ձեւաչափով Հարաւային Կովկասի խորհրդատուական հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին մասնակիցները։ Այսպէս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նախագահ Էրտողանին մօտ առաջնորդեց երէկուան տեսակցութեան մասնակից իր պաշտօնակիցները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս, ուր Էրտողանի կողքին էին հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն եւ իր աւագ խորհրդականը՝ դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Իսթանպուլի մէջ զրուցեցին Էրտողանին հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին ծաւալուած քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած։
Թուրքիա «3+3» հարթակը կ՚ընկալէ՝ որպէս տարածաշրջանային յանձնառութիւն, որու նպատակն է Հարաւային Կովկասէ ներս մշտական խաղաղութիւնը, ամուր համագործակցութիւնն ու տեւական զարգացումը։ Այս նոյն տրամաբանութեան մէջ, Հաքան Ֆիտան «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ «3+3» հարթակը կու գայ միանալ տարածաշրջանի ուղղեալ միւս նախաձեռնութիւններուն։ Թուրքիա այսպիսի ամբողջի մը մէջ կ՚արժեւորէ այս հարթակը, որ միայն Հայաստան-Ատրպէյճան խնդիրներով սահմանափակուած չէ, այլեւ անոր օրակարգը կ՚ընդգրկէ ամբողջ Հարաւային Կովկասը։ Ֆիտան համոզուած է, թէ Հայաստանի հետ պատմական ու պաշտօնական խաղաղութիւնը ճանապարհ կը հարթէ տարածաշրջանի բարգաւաճման եւ անշրջադարձելի կայունութեան համար։ Իր խօսքով՝ տարածաշրջանի երկիրները պէտք է միաւորուին իրենց իսկ խնդիրները լուծելու նպատակով։
Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով Իսթանպուլի երէկուան հաւաքին ընթացքին, ընդհանուր առմամբ, կրկնեցին Երեւանի եւ Պաքուի յայտնի դիրքորոշումները։ Այսպէս, մինչ Միրզոյեան անդրադարձաւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին, Պայրամով հերթական անգամ խօսեցաւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան շուրջ։ Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրով, որ առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ Հաքան Ֆիտանի հետ, տեղեկացուց, թէ Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին առաջարկած են՝ օգտագործել «3+3» հարթակը խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ աշխատանքը աւարտելու համար։ Ռուս նախարարը յիշեցուց նաեւ աւելի առաջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ եռակողմանի աշխատանքով այս ուղղութեամբ ստեղծուած հիմքերը։
Երէկուան բազում երկկողմանի հանդիպումներու մթնոլորտին մէջ ալ տրուեցան շարք մը կարեւոր պատգամներ։ Միրզոյեան նախարարներու ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան մեծ նշանակութիւն կու տայ տարածաշրջանային խորհրդակցութիւններուն եւ շփումներուն։ Օրուան կարեւոր իրադարձութիւններէն մին էր Հաքան Ֆիտանի եւ Արարատ Միրզոյեանի երկկողմանի հանդիպումը։ Սա եղաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ երկխօսութեան շարունակութիւնը։ Նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Հայկական կողմը ընդգծեց՝ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման կարեւորութիւնը։ Ֆիտան-Միրզոյեան տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ դեսպան Սերտար Քըլըչ, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչն է։
Միրզոյեան-Արաղչի հանդիպումն ալ առիթ դարձաւ, որպէսզի կողմերը հերթական անգամ անդրադառնան տարածաշրջանի կապուղիներու ապաշրջափակման սկզբունքներուն, որոնք կ՚ենթադրեն հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներու տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ օգտագործուիլը։
Օրուան տեւողութեան տեղի ունեցած խտացեալ շփումներէն վերջ, «3+3» հարթակի ժողովին կազմակերպուած՝ Գուրուչէշմէի «Մետըրին Օրիէնթըլ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Այս բանակցութիւններուն ընթացքին Միրզոյեանի կողքին էին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Շուրջ ժամ մը տեւեց հանդիպումը, որու աւարտին յայտարարուեցաւ, որ շարունակուած են խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին ենթադրեալ պայամանագրին շուրջ քննարկումները։ Կողմերը պիտի շարունակեն ջանքերը՝ այդ պայմանագիրը վերջնականացնելու եւ սեղմ ժամկէտներու մէջ կնքելու ուղղութեամբ։
Այս բոլորէն վերջ, Արարատ Միրզոյեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ ուշ գիշերին հրաժեշտ առաւ Իսթանպուլէն։ Օրուան շփումները այնքան երկար տեւեցին, որ ակամայ յետաձգուեցաւ Արարատ Միրզոյեանի Պատրիարքարան նախատեսուած այցելութիւնը։