ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Սէն Փե­թերս­պուրկ գտնուող Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան Ռու­սաս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին մայ­րա­քա­ղա­քի նա­հան­գա­պետ Կէոր­կի Փոլ­թաւ­չեն­քո­յի հետ մաս­նակ­ցած է հայ ազ­գա­յին դա­սա­կան ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցի հիմ­նա­դիր, մեծ եր­գա­հան Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի յու­շար­ձա­նի բաց­ման հանդի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան:

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեանն ու նա­հան­գա­պետ Կէոր­կի Փոլ­թաւ­չեն­քօն՝ աշ­խար­հահռ­չակ տու­տու­կա­հար Ճի­ւան Գաս­պա­րեա­նի կեն­դա­նի նուա­գակ­ցու­թեամբ կա­տա­րած են յու­շար­ձա­նի բա­ցու­մը: Հայ Առա­քե­լա­կան եւ Ռուս Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կա­տա­րած են Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տի յու­շար­ձա­նի օրհ­նու­թեան կարգ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015