ՀԱՄԱՏԵՂ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս ե­րէկ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ա­ռա­ւօ­տուն Իս­թան­պու­լի մէջ Ֆե­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նը այ­ցե­լե­լէ եւ Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիար­քին հետ տե­սակ­ցե­լէ վերջ, ան ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք, ուր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Ա­ռանձ­նազ­րոյց­նե­րուն եւ պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ եր­կու վար­չա­պետ­նե­րուն հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սը։ Այս առ­թիւ Տա­վուօղ­լու ընդգ­ծեց, թէ Կիպ­րո­սի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հա­մար բա­ցուած է հնա­րա­ւո­րու­թեան պա­տու­հան մը, Թուր­քիան եւ Յու­նաս­տանն ալ հա­մա­կար­ծիք են այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն դրա­կան նպաստ մը բե­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ Տա­վու­տօղ­լուի, Թուր­քիա եւ Յու­նաս­տան կը տու­ժեն Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մէն սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն նման։ Վար­չա­պե­տը շեշ­տեց, թէ այդ խնդիր­նե­րէն ազ­դուած, ա­նոնց են­թար­կուած ըլ­լա­լով, Ան­գա­րա եւ Ա­թէնք ո­րո­շած են յա­ռաջ տա­նիլ թեք­նիկ աշ­խա­տանք մը։ Յու­նաս­տա­նի Ա­փե­րու անվ­տան­գու­թեան հրա­մա­նա­տա­րը ներ­կա­յիս կը գտնուի Թուր­քիոյ մէջ եւ կը քննար­կէ Ե­գէ­ա­կա­նի մէջ ձեռք առ­նուե­լիք հա­ւա­նա­կան նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րը։ Այս հար­ցին շուրջ ա­ւե­լի կա­նո­նա­ւոր խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կը նա­խա­տե­սուին։ Բաց աս­տի, պատ­կան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ աշ­խա­տան­քա­յին խումբ մըն ալ պի­տի ստեղ­ծուի յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Այս­պէ­սով հնա­րա­ւոր քայ­լե­րը նա­խօ­րօք պի­տի առ­նուին եւ եր­կու եր­կիր­նե­րը մեծ ջանք պի­տի գոր­ծադ­րեն՝ մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւ­նը կան­խե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Տա­վու­տօղ­լու տե­ղե­կա­ցուց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած են Թուր­քիոյ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը եւ ընդ­հան­րա­պէս եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սի ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Ան Ցիփ­րա­սին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բազ­մա­թիւ նիւ­թե­րու պա­րա­գա­յին ստանձ­նած յա­ռա­ջա­տար դե­րա­կա­տա­րու­թեան հա­մար։ Տա­վու­տօղ­լու յոյս յայտ­նեց, թէ ներ­կայ նուրբ հանգ­րուա­նին Յու­նաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ իր նե­ցու­կը՝ Թուր­քիոյ ԵՄ-ի ան­դա­մակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին։ Ար­դա­րեւ, եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սը բո­լո­րին կը պատ­կա­նի եւ ա­նոր ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ Թուր­քիա եւ Յու­նաս­տան պէտք է որ­դեգ­րեն հա­սա­րա­կաց դիր­քո­րո­շում մը։ Թուր­քիոյ ԵՄ-ի ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը, Յու­նաս­տա­նը նե­րա­ռեալ, Մի­ջերկ­րա­կա­նի եւ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Մի­ջերկ­րա­կա­նի ու­ժը պի­տի ա­ւելց­նեն Եւ­րո­պա­յէն ներս։ Այս շրջագ­ծով, Ան­գա­րա եւ Ա­թէնք կը նա­խա­տե­սեն ծա­ւա­լել լուրջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը։

Տա­վու­տօղ­լու եւ Ցիփ­րաս ու­նե­ցան դռնփակ հան­դի­պում մը, որ տե­ւեց մէ­կու­կէս ժամ։ Աշ­խա­տան­քա­յին ճաշ­կե­րոյ­թէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ա­լեք­սիս Ցիփ­րասն ալ յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիոյ եւ Յու­նաս­տա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կրնայ Եւ­րո­պա­յի բո­լոր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը փո­խել, ուս­տի պէտք է ար­ժե­ւո­րել այս հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ան մատ­նան­շեց, որ իր այ­ցե­լու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պի այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, երբ նուրբ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ կ՚ապ­րուին թէ՛ տա­րած­քաշր­ջա­նին եւ թէ ամ­բողջ աշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով գաղ­թա­կան­նե­րու խնդրին՝ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս ընդգ­ծեց, որ Եւ­րո­պան ալ այս հար­ցին շուրջ պէտք է պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նէ։ Գաղ­թա­կան­նե­րու կող­մէ ա­պօ­րի­նի գաղ­թի ճա­նա­պարհ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը կան­խե­լու հա­մար ա­նոնց ե­րաշ­խիք պէտք է տալ օ­րի­նա­կան տե­ղա­կայ­ման հա­մար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015