ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Այս առաւօտ Երեւանի մէջ սկսաւ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Միջկառավարական տնտեսական հարցերով յանձնաժողովին նիստը։ Հայկական կողմէն այս բանակցութիւններուն մասնակից պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի Փոխ-վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան։ Ամերիկեան կողմէն բանակցութիւններու մասնակից պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց փոխ-նախարարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Պրիճիթ Պրինք։ Այսօրուան բանակցութիւններու սկսելուն ընդառաջ, երէկ, Պրիճիթ Պրինքի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը օրուան տեւողութեան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Քննարկումներուն ընթացքին առաջնահերթօրէն շօշափուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Պրիճիթ Պրինք օրուան տեւողութեան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան կարեւորեց Միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ այդ յանձնաժողովը երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան համակարգման կարեւոր ու յաջողած ձեւաչափ մըն է։ Ընթացիկ տարուան տեւողութեան, հայ-ամերիկեան առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած կարեւոր ձեռքբերումներէն մին էր Առեւտուրի եւ ներդրումներու խրախուսման մասին շրջանակային համաձայնագրի ստորագրումը։ Այս հանգամանքը ապացոյց մըն է յանձնաժողովի աշխատանքի արդիւնաւէտութեան մասին։ Սարգսեան շեշտեց, որ Հայաստան անկախութենէն ի վեր երկկողմանի յարաբերութիւնները մշտապէս ապրած են վերընթաց զարգացում եւ սա տեղի ունեցած է շնորհիւ համատեղ ջանքերու եւ փոխադարձ քաղաքական կամքի։
Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ ներկայիս երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը կը ներառնէ նաեւ զանազան բնագաւառներ՝ քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, մարդասիրական եւայլն։ Այդ շրջանակներէն ներս տարուէ տարի նոր ձեռքբերումներ կ՚արձանագրուին։ Երեւան եւ Մոսկուա ամուր գործընկերութեան յարաբերութիւններ ունին թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի համագործակցութեան ձեւաչափերու մէջ։
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց տարիներ շարունակ Հայաստանի տնտեսական զարգացման, զանազան ոլորտներէ ներս բարեփոխումներու, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման առումով ԱՄՆ-ի ցուցաբերած աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղեալ ԱՄՆ-ի ջանքերը։ Սերժ Սարգսեան կարեւորեց նաեւ այն հանգամանքը, թէ ԱՄՆ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մին է եւ շարունակական ջանքեր կը գործադրէ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։
Պրիճիթ Պրինք եւս բարձր գնահատեց հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը։ Ընդգծելով, որ, Հայաստան ժամանած է առաջին հերթին յայտնելու ամերիկեան կողմին գնահատանքը անվտանգութեան բնագաւառէն ներս երկկողմանի համագործակցութեան համար։ Այս երեւոյթը յատկապէս կարեւոր կը գնահատուի համաշխարհային վերջին զարգացումներուն ու Փարիզի մէջ տեղի ունեցածի համատեսքին մէջ։ Սերժ Սարգսեանի հետ զրուցելու ընթացքին ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ըսաւ.
«ԱՄՆ եւ Հայաստան գործընկերներ են խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարեկեցութեան վերաբերեալ զանազան հարցերու մէջ։ Մենք բարձր կը գնահատենք կլոպալ անվտանգութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի ներդրումը, մասնաւորապէս՝ 2004 թուականէն ի վեր Քոսովայի եւ 2010 թուականէն ի վեր Աֆղանիստանի ՆԱԹՕ-ի շրջանակներէն ներս, 2014 թուականէն ի վեր Լիբանանի մէջ՝ ՄԱԿ-ի շրջանակներէն ներս, իսկ վերջերս ՄԱԿ-ի Խաղաղութեան հարցերուն ձօնուած վեհաժողովի ընթացքին Հայաստանի յայտարարութիւնը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւններուն աջակցելու իր պատրաստակամութեան մասին։ Ուրախ եմ՝ այստեղ Երեւանի մէջ ըլլալով եւ նպաստելով մեր երկու երկիրներու միջեւ առեւտրական կապերու սերտացման՝ միջկառավարական աշխատանքային խումբին միջոցաւ։ Մենք, տեղւոյն մեր գործընկերներուն հետ, կը շարուանակենք աշխատիլ՝ աջակցելու Հայաստանի կաշառակերութեան դէմ պայքարին, ժողովրդավարութեան զարգացման, ներառեալ նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներու Դեկտեմբերի 6-ին նախատեսուած հանրաքուէի թափանցիկութեան, ներառականութեան ու ներկայացուցչական հարցերուն մէջ»։
Եդուարդ Նալպանտեանն ալ ամերիկացի դիւանագէտը ողջունելով՝ գոհունակութիւն յայտնեց հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան բարձր մակարդակին կապակցութեամբ։ Ան ընդգծեց, թէ վերջին տարիներուն համատեղ ջանքերով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ դրական յառաջընթաց արձանագրուած է, ինչ որ լայն հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ՝ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման համար։
Պրիճիթ Պրինք ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով նշեց, որ ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւնները եւ շահագրգռուած է անոնց հետագայ խորացմամբ։
Զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, կարծիքներ փոխանակեցին տակաւին երկու օր առաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած՝ Հայաստան-ԱՄՆ Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդի անդրանիկ հանդիպման արդիւնքներուն շուրջ։ Պրիճիթ Պրինք այս առթիւ ըսաւ. «Հպարտ եմ, որ ԱՄՆ օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներու ծաւալներով խոշորագոյն ներդնողներէն մին է Հայաստանի մէջ ու լիայոյս եմ, թէ Միջկառավարական աշխատանքային խումբի եւ Ներդրումներու խորհուրդի՝ այս շաբթուան Երեւանի հանդիպումներուն միջոցաւ պիտի կարենանք բարձրացնել ներդրողներու վստահութիւնը Հայաստանի նկատմամբ։ Բարձր մակարդակի հանդիպումներու այս շարքը մեզի պիտի օգնէ ձեւաւորելու համար առաւել շահեկան առեւտրային գործընկերութիւն մը»։
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ՝ շեշտելով հրադադարի դրութեան խախտումներու անթոյլատրելիութիւնը։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ խնդրի կարգաւորման շուրջ քննարկումներու ձեւաչափի փոփոխութեան փորձերը վնասակար են։ Նալպանտեան եւ Պրինք հանգամանալից քննարկում ծաւալեցին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային խնդիրներու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղիներուն վերաբերեալ։ Պրինք բարձր գնահատեց Հայաստանի ներդրումը կլոպալ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ եւ մասնակցութիւնը այլ երկիրներէ ներս խաղաղապահ գործողութիւններու։
Սերժ Սարգսեանի եւ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն զուգահեռ Պրիճիթ Պրինք երէկ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան մէջ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ իր ընկերակից պատուիրակութեան անդամուհիներէն Ալինա Ռոմափովսքի, որ կը համակարգէ Միացեալ Նահանգներու յատկացուցած արտաքին օգնութիւնները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պրիճիթ Պրինք այս առթիւ յայտարարեց, որ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային խաղաղ գործընթացին եւ սահմանի լարուածութիւնը թուլացնելու ջանքերուն մէջ։ «Ես գիտեմ, որ վերջերս տեղի ունեցած են բռնութեան դրսեւորումներ եւ համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, ուր յստակ կը նշուի, որ ծանր զինատեսակի կիրառումը անընդունելի է եւ կոչ ուղղուած է կողմերուն հրադադարը յարգելու համար», ըսաւ Պրինք եւ աւելցուց, թէ իրենք սերտօրէն կ՚աշխատին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի հետ ու կը պաշտպանեն եռանախագահներուն ջանքերը, որոնք ուղղուած են լարուածութեան մեղմացման։ Պրինքի խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը կ՚ընթանայ Մինսքեան խմբակի ձեւաչափի շրջանակներէն ներս, ինչ որ կը պաշտպանուի հակամարտ կողմերու կառավարութիւններուն կողմէ։ Ամերիկացի դիւանագէտը միեւնոյն ժամանակ վստահութիւն յայտնեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը ի վերջոյ պիտի յանգեցնէ խաղաղ կարգաւորման։ Ան խօսեցաւ նաեւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումէն խուսափելու նիւթին շուրջ։
Իր կարգին, Ալինա Ռոմափովսքի յայտնեց, թէ ԱՄՆ պիտի շարունակէ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղին։ «Այս տարիներուն ընթացքին ԱՄՆ-ի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղին ցուցաբերուած աջակցութիւնը ըստ էութեան ուղղուած է ջրային ենթակառուցուածքներու բարելաւման եւ ականազերծման իրականացման։ Մենք պիտի շարունակենք մեր օժանդակութիւնը այդ նպատակներուն իրականացման համար՝ ապահովելով տեղւոյն բնակչութեան անվտանգութիւնը», վստահեցուց Ռոմափովսքի։
Պրիճիթ Պրինք ասուլիսի ընթացքին լաւատես արտայայտութիւններ ունեցաւ հայ-ամերիկեան տնտեսական յարաբերութիւններու խորացման եւ ընդլայնման գործընթացին կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, Հայաստանի պարագային ԱՄՆ-ի ընդհանուր նպատակներն են՝ աջակցիլ ժողովրդավարական հաստատութիւններուն, օգնել երկրի տարածքաշրջանային տնտեսութեան համարկման, բարելաւել յարաբերութիւնները հարեւաններուն հետ, դիմակայել արտաքին ճնշումներուն, ինչպէս նաեւ շինիչ կապեր հաստատել Եւրոատլանտեան հաստատութիւններուն հետ։ Ան լրագրողներու նկատառման յանձնեց, թէ բովանդակային քննարկումներ ունեցած է Եդուարդ Նալպանտեանի, քաղաքական ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Իր համոզմամբ, աշխատանքային խումբի նիստերը նպաստաւոր կ՚ըլլան՝ տնտեսական աջակցութեան մասին երխօսութիւն ծաւալելու առեւտուրի եւ ներդրումներու խորացման ուղղութեամբ։ Պրինքի կանխատեսումներով, Երեւանի վերջին օրերու իրերայաջորդ հայ-ամերիկեան ժողովները պիտի բարձրացնեն ամերիկացի ներդնողներու վստահութիւնը Հայաստանի նկատմամբ։ Բարձր մակարդակի հանդիպումներու շարքը նպաստաւոր պիտի ըլլայ նաեւ առաւել շահեկան առեւտրային գործընկերութեան մը ձեւաւորման։
Բաց աստի, Պրիճիթ Պրինք Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ ամերիկեան կողմը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի ներդրումը ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարի շրջագծով։ Ան նոյնպէս բարձր գնահատեց հայկական կողմին մասնակցութիւնը՝ աշխարհի զանազան կէտերուն վրայ իրականացուող խաղաղապահ գործընթացներուն՝ ՆԱԹՕ-ի եւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու կազմէն ներս։
ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ՍԿԻԶԲԻՆ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շրջագծով, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ յաջորդ հաւանական հանդիպումը կը նախատեսուի Դեկտեմբերի սկիզբին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը՝ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով Երեւանի մէջ լրագրողներուն տեղեկացուց, որ նախագահներու հանդիպումը հաւանաբար տեղի ունենայ յառաջիկայ շաբաթներուն։ Ըստ իրեն, Երեւան կողմնակից է հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման եւ համոզուած է, թէ հարցը պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափերէն ներս ու յայտնի երեք սկզբունքներու հիման վրայ։ Բաց աստի, Շարմազանով ընդգծեց, թէ կարգաւորման շուրջ որեւէ նոր գործընթաց գոյութիւն չունի։ Ան բացառեց միակողմանի զիջումներու կատարուիլը։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը պիտի որոշուի բացառապէս անոր քաղաքացիներուն կողմէ։