ՎՃՌԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ
Փարիզի ահաւոր ահաբեկչական յարձակման պատճառած ցնցումի մթնոլորտին մէջ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ յայտարարեց, որ ամբողջութեամբ պէտք է վերացնել «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը։ Ֆրանսայի քաղաքապետներուն հետ մասնակցած համագումարին ընթացքին Ֆրանսուա Օլանտ երէկ անդրադարձաւ իր երկրի որդեգրած ռազմավարութեան, մինչ այսօր երկրի խորհրդարանը կը քննարկէ արտակարգ դրութեան երկարաձգման խնդիրը։ Երէկ, Օլանտ ըսաւ, թէ պատերազմին իրենք չէ որ ծնունդ տուած են, այլ ԻՇԻՊ-ը, որու յարձակման թիրախն էին Ֆրանսայի խորհրդանշած արժէքները։
Ֆրանսական պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ պարզուած է Փարիզի ահաբեկչական գործողութիւններուն բոլոր զոհերուն ինքնութիւնը։
Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքէրն ալ յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը պէտք է ստեղծէ սեփական բանակը։
ԼՈԼԱ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ ՄԱՀԱՑԱԾ
Միւս կողմէ, երէկ յայտնի դարձաւ, որ Փարիզի ահաբեկչական զոհերուն շարքին կը գտնուի 17-ամեայ Լոլա Ուզունեան, որու ծնողները հաստատած են իր մահը։