ԵՏ ՔԱՇՈՒԵԼՈՒ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայ­տա­րա­րեց, որ ՓԵՏ ան­պայ­ման սա կամ նա ձե­ւով ետ պի­տի քա­շուի դէ­պի Եփ­րա­տի ա­րե­ւել­քը՝ հե­ռա­նա­լով Մեն­պի­չէն։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, այս նիւ­թին շուրջ ի սկզբա­նէ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի Թուր­քիոյ եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մի­ջեւ։ Ըստ վար­չա­պե­տին, ա­մե­րի­կեան կող­մը իւ­րա­քան­չիւր հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին կը վե­րա­հաս­տա­տէ այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ու կը շեշ­տէ, որ անհ­րա­ժեշ­տը պի­տի ը­նէ այդ ուղ­ղու­թեամբ։ «Տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կենք սպա­սել այդ մէ­կուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Պի­տի քա­շուին, սա կամ նա ձե­ւով ետ քա­շուե­լու պի­տի պար­տա­ւո­րուին», ը­սաւ վար­չա­պե­տը՝ ե­րէկ Ուր­բա­թի ա­ղօթ­քէն դուրս գա­լու ժա­մա­նակ Ան­գա­րա­յի մէջ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ։

CNN Türk-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պի­նա­լը Եըլ­տը­րը­մի այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ գրե­թէ նոյ­նա­ժա­մա­նակ ԵՓԿ-ա­կան­նե­րը դուրս ե­կան Մեն­պի­չէն։ Ա­նոնք ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ ի­րենց իսկ մի­ջոց­նե­րով ցոյց տուին տե­սագ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը ցո­լա­ցե­նեն ԵՓԿ-ա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ Մեն­պի­չի լքուի­լը։ Ներ­կա­յիս ԵՓԿ կը պատ­րաս­տուի մաս­նակ­ցիլ Ռաք­քա­յի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ կը շա­րու­նա­կուին նաեւ Հա­լէ­պի սաս­տիկ ռմբա­կո­ծում­նե­րը։ Սու­րիոյ ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի են­թա­կայ զօր­քե­րը վեր­ջին ե­րեք օր-ւան ըն­թաց­քին թա­փով ռմբա­կո­ծե­ցին Հա­լէ­պի այն թա­ղա­մա­սե­րը, ո­րոնք ընդդ­մա­դիր ու­ժե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ կը գտնուին։ Զո­հե­րու թի­ւը ար­դէն գե­րա­զան­ցած է հա­րիւ­րի սահ­մա­նը, վի­րա­ւո­րեալ­նե­րու թիւն ալ կը մօ­տե­նայ եր­կու հա­րիւ­րի։ Ծա­նօթ է, որ Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժերն ալ Սու­րիոյ բա­նա­կին զու­գա­հեռ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն ու կը ռմբա­կո­ծեն ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը Հա­լէ­պի մեր­ձա­կայ­քին։

Կը հա­ղոր­դուի, որ Հա­լէ­պի կեդ­րո­նի ա­րե­ւել­քին Սեպ­տեմ­բե­րի 4-էն ի վեր շուրջ ե­րեք հա­զար հո­գի կը գտնուի Պե­շար Է­սա­տի են­թա­կայ զօր­քե­րու պա­շար­ման տակ։

Միւս կող­մէ, մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ալ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ խտա­ցեալ շփում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին վերջ տա­լու հա­մար յար­մար գե­տին մը ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րութեամբ։ Ե­րէկ, այս շրջագ­ծով հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի մի­ջեւ, ո­րոնք քննար­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­ր։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016