Պուլկարական «Փլամք» Ամսագիրը՝ Նուիրուած Հայ Գրողներու

Պուլ­կա­րիոյ «Փեն» ա­կում­բի եւ Պուլ­կար գրող­նե­րու միու­թեան «Փլամք» ամ­սա­գի­րը, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, իր աշ­նա­նա­յին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի նուի­րէ հայ դա­սա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նու­թեան՝ Մաշ­տո­ցէն եւ Նա­րե­կա­ցիէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը:

Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րէս»՝ վկա­յա­կո­չե­լով Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէջը, թի­ւին մէջ ընդգր­կուած են 47 հայ հե­ղի­նակ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ՝ թէ՛ ար­ձակ եւ թէ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն: Ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան, Պուլ­կա­րիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան «Լի­թե­րա­թուր­նա­յա Ար­մե­նիա» ամ­սա­գի­րի խմբագ­րու­թեան միա­ցեալ ջան­քե­րով:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016