ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները կը տեղեկացնեն.-

Կիրակի, 17 նոյեմբեր 2019-ին, Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի Աւագ Խորանին մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին, Սուրբ Աթոռոյս գահակալ՝ Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր ձեռամբ, չորս սարկաւագներ ձեռնադրուեցան քահանայ:

Խարտաւիլակն էր լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան, առընթերականերն էին Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան եւ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան:

Ձեռնադրութեան խորհուրդը կատարուեցաւ տպաւորիչ հանդիսաւորութեամբ: «Այսօր աստուածութիւնն զուարճանայ» շարականով սկսաւ առաջին մասը ձեռնադրութեան խորհուրդին: Ապա ի նշան աշխարհէ հրաժարման, «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի ելեւէջներուն ընդմէջէն, ընծայեալները ձեռամբարձ ժողովուրդին դառնալէ ետք, ձեռնադրութեան երկրորդ բաժնին մէջ ձեռնադրիչ պատրիարք սրբազանէն ընդունեցին քահանայական զգեստաւորման օրհնութիւնը, փիլոն, սաղաւարտ, վակաս, գօտի եւ պատարագիչի զգեստաւորման այլ մասերը տուչութեան ուրոյն աղօթքներով եւ անցան Աւագ Խորանի ետին: Նորընծաներուն առաջին «Խորհուրդ խորին»ը երգուած ատեն, երբ բացուեցաւ վարագոյրը՝ չորսն ալ կանգնած էին սեղանին ձախակողմը՝ պատրաստ ընդունելու Ս. Օծումը քահանայութեան: Երբ լուսարարապետ սրբազանը, Ս. Սեղան կը բերէր Ս. Միւռոնի աղաւնին, պատրիարք սրբազանն ալ «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականը երգելով կը հեղուր Ս. Միւռոնը ոսկեայ ընդունարանի մը մէջ, որով պիտի օծէր ճակատն ու զոյգ ափերը նորընծաներուն: Օծման խորհրդաւոր ու նուիրական պահուն, ձեռնադրիչ պատրիարք սրբազան հայրը, Արմէն Սրկ. Սարուխանեանը անուանակոչեց «Տ. Արբակ Աբեղայ». Ռաֆայէլ Սրկ. Ղազարեանը անուանակոչեց «Տ. Արշակ Աբեղայ». Արտա Սրկ. Տիւշէնը անուանակոչեց «Տ. Արտակ Աբեղայ» եւ Նարեկ Սրկ. Աբրահամեանը անուանակոչեց «Տ. Արտէն Քահանայ»:

Ապա ընծայեալները ստանալէ ետք իշխանութիւն մատուցանելու Ս. Պատարագ, իրենց անդրանիկ օրհնութիւնը տուին ժողովուրդին:

Պատրիարք սրբազան հայրը իր յորդորական խօսքին մէջ ըսաւ. «Ուրախութեան եւ Ուխտի օր է այսօր, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան եւ մեր ժողովուրդին համար»: Եւ յորդորեց նորընծաներուն յաճախ անդրադառնալ իրենց ուխտառութեան այս օրուան, մնալով միշտ «մշակ առանց ամօթոյ»:

«Ողջոյն»ի պահուն, պատրիարք սրբազան հայրը եւ հոգեւորական հայերը մօտեցան ի համբոյր նորընծաներուն նորաօծ ճակտին եւ աջին:

Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ դասին մէջ, մինչ նորընծաները գրակալներու վրայ զետեղուած Աւետարաններու ընթերցումը կը կատարէին, դպիրներ եւ ժողովուրդը աջահամբոյրի մօտեցան:

Կէսօրէ ետք, Ժամերգութեան աւարտին, նորաօծ ընծայեալները պատրիարք սրբազան հօր ձեռամբ ստացան կուսակրօն քահանայի վեղարի օրհնութիւնը: Ապա իրենց խարտաւիլակ սրբազանի, առընթերակայ հայր սուրբերու եւ ուսուցիչ հայր սուրբի հետ բարձրացան Պատրիարքարան եւ ստացան պատրիարք սրբազան հօր օրհնութիւնը:

Իրիկնադէմին, Պարտիզաթաղի վարդապետաց ճաշարանին մէջ, միաբանութեան եւ նորընծաներու հարազատներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ միաբանական ընթրիք, որու ընթացքին եղան բարի մաղթանքի խօսքեր:

Նորընծաները իրենց «Քառասունքի» ապաշխարութեան եւ պատրաստութեան շրջանը պիտի անցընեն Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան Տաճարին կից հայոց վանքին մէջ, ուսանելով Ս. Պատարագի կարգերը: Այս շրջանի իրենց ուսուցիչն է Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան Տաճարի տեսուչ՝ Տ. Ասպետ Վրդ. Պալեան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019