ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՄԵԶԻ ԱԼ ՔԱՐԻՒՂ ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԵՑԱՒ»

Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ պարագային Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը չէ քարիւղը։ Նախագահը յայտնեց, որ անոնք, որոնք կ՚ուզեն բաժնել Սուրիոյ քարիւղը՝ բաժին առաջարկած են նաեւ Թուրքիոյ։ Այդ առաջարկը մերժուած է։

«Քարիւղի կամ քաղաքական շահու համար բազմաթիւ պետութիւններ չեն խուսափիր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ թեւ թեւի մտնելէ, սակայն այս նիւթին շուրջ մենք կը պահենք մեր արժանապատիւ կեցուածքը», ըսաւ Էրտողան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահը նշեց, որ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը քարիւղը չէ, այլ այդտեղի մարդոց փրկութիւնն է։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019