ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմին նախաձեռնութեամբ վերջերս Լոնտոնի մէջ կազմակերպուեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը։ Այսպէս, թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանի հովանաւորութեան ներքեւ ծանօթացուեցաւ սփիւռքահայ մտաւորական Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի վերջին գիրքը, որ կը կոչուի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ»։ Այս գիրքը վերջին շրջանին ստեղծած է լայն արձագանգ եւ անոր համար զանազան վայրերու մէջ կազմակերպուած են ծանօթացման հաւաքոյթներ։ Լոնտոնի գինեձօնն ալ այս ամբողջին մէջ յատկանշական էր։ Առաջնորդարանի երդիքին տակ հեղինակի ներկայութեամբ ծանօթացուեցաւ գիրքը եւ հաւաքոյթի ընթացքին հետաքրքրական զրոյց մը տեղի ունեցաւ սփիւռքի գաղթօճախներու եւ հայապահպանութեան խնդիրներու շուրջ։

Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանն ալ հաւաքոյթի ընթացքին Հրայր Ճէպէճեանին փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոր կողմէ տարուած աշխատանքին շուրջ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը շնորհանդէսի մասնակիցներուն համար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019