ՀԱԿԱԴԻՐ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի անորոշութիւնը կը մնայ առկայ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով երկիրը կը ջանայ դիմագրաւել մեծ ձախողում մը, ինչ որ կ՚ուղղորդուի ցնցումներով եւ լարուածութեամբ։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցան երկու հակադիր հանրահաւաքներ։ Այսպէս, ընդդիմութիւնը Ազատութեան հրապարակին վրայ հերթական հանրահաւաքը ըրաւ՝ շարունակելով պահանջել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ալ հաւաքուեցան Նիկոլ Փաշինեանի համակիրները, որոնց շարքին ուշադրութիւն կը գրաւէին ճակատէն վերադարձած զինուորականներ։ Փաշինեան հրապարակ իջնելով խոստացաւ, որ ժողովուրդին չի դաւաճանիր։ Ան խնդրեց այդ հաւաքը անմիջապէս դադրեցնել։

Միւս կողմէ, պատերազմի հրադադարի համաձայնութիւնով յառաջացած բողոքի մթնոլորտին մէջ Երեւանի ցոյցերուն ժամանակ վիրաւորուած Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան երէկ ենթարկուեցաւ երկրորդ վիրահատութեան մը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020