ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԱԽԱՐԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրով՝ Արա Այվազեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեամբ պայմանաւորուած քաղաքական ցնցումներու մթնոլորտին մէջ, Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն լքած էր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։ Այժմ իրեն կը յաջորդէ Արա Այվազեան, որ շուրջ ամիս մը առաջ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար նշանակուած էր։ 51-ամեայ նորանշանակ նախարարը նախապէս դեսպանի պաշտօն վարած է զանազան երկիրներու մէջ։

Միւս կողմէ, հրաժարեալ նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ գրառումներով հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստան կը դիմագրաւէ լարուած ժամանակներ։ «Սակայն, կասկած չունիմ իմ ժողովուրդի ուժի, ճկունութեան եւ իմաստութեան ուղղութեամբ։ Մենք միասին կը յառնենք, կը վերակառուցենք եւ կեանքի կը կոչենք մեր հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը։ Աստուած օրհնէ Հայաստանը», նշեց Մնացականեան, որ հրաժարելէ վերջ նախարարութեան անձնակազմին հետ ալ ունեցաւ հրաժեշտի հանդիպում մը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020