ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԵՐԷԿ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, որոնց հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը եւ հիմնախնդրի կարգաւորման ճանապարհին ապագայ միջնորդական ջանքերու վերաբերեալ հարցեր։ Այսպէս, Լաւրով մէկտեղուեցաւ եռանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հրադադարի համաձայնութեան յաջորդած պայմաններով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ ձեւաւորուող իրավիճակը։ Շօշափուեցան եռանախագահ երկիրներու ապագայ միջնորդական ջանքերու համակարգման վերաբերեալ հարցեր։

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասէ ներս երկաթուղային ենթակառուցուածքներու զարգացման հեռանկարը՝ հաշուի առնելով տարածքաշրջանէ ներս փոխադրական հաղորդակցութեան կարգաւորման մասին որոշումները։ Հարկ է յիշեցնել, որ Միշուստին օր մը առաջ ալ զրուցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան դաշտի վրայ գործնական իրականացման ժամացոյցն ալ կը բանի։ Վաղուան դրութեամբ Մարտակերտի շրջանի բնակավայրերը եւ Աղտամը պիտի անցնին Ատրպէյճանի հսկողութան տակ։ Այդ շրջաններէն աւելի քան 2 հազար բնակիչի գոյքերը վերջին օրերուն տեղակայուած են եւ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին անոնց համար ժամանակաւոր կացութեան վայրեր գտնելու եւ այլ միջոցներ ապահովելու նպատակով։ Բաց աստի, ռուս խաղաղապահ զօրքերը վերջին օրերուն ականազերծած են Լաչինի միջանցքը։ Անոնք երէկ տեղեկացուցին, որ միջանցքը լիովին անվտանգ է բնակիչներու տեղաշարժին համար։ 

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան տեղեկացուց, որ պատերազմի օրերու կորսուածներու ցուցակը այս պահուն ունի նուազման միտում։ Ան յայտնեց, որ նախարարութենէն ներս ստեղծուած է յանձնաժողով մը, որ շատ սերտօրէն կ՚աշխատի Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն հետ։ Լայնածաւալ աշխատանքներ կը կատարուին ճշգրտման առումով։ Կորսուածներու ցուցակը այս պահուն ունի նուազման միտում, որովհետեւ ճշգրտումներու շնորհիւ կը պարզուի, որ այդ ցուցակներուն վրայ յայտնուած բազմաթիւ մարդիկ ողջ-առողջ են, անոնց անունները հաշուառման սխալներու հետեւանքով յայտնուած են այդ ցուցակներուն վրայ։

Բաց աստի, Դաւիթ Տօնոյեան նախարարութենէն ներս հանդիպում մըն ալ ունեցաւ պատերազմի ժամանակ անհետացած զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն հետ։ Նախարարը զինուորներու հարազատներուն յայտնեց, որ պատերազմ տեղի ունեցած տարածքներէն ներս որոնման աշխատանքները կը շարունակուին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020