ՓՈՄՓԷՕ ԹԻՖԼԻԶ ԱՅՑԵԼԵՑ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը աւարտին հասցուցած հրադադարի յայտարարութիւնը ներկայիս առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Այդ յայտարարութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ երէկ Ուաշինկթընի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմք մը այցելեց Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան ամերիկացի պետական քարտուղարը հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի, վարչապետ Կիորկի Կախարիայի, ինչպէս նաեւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին հետ։

Ղարաբաղեան պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան հիման վրայ՝ հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս տեղակայուիլ սկսած են Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերը։ Սա կը նշանակէ Մոսկուայի Հարաւային Կովկաս վերադարձը, ինչ որ անհանգստութիւն կը պատճառէ Թիֆլիզին։ Տարածքաշրջանէ ներս Ռուսաստանի կշիռի բարձրացման, ներկայութեան ամրապնդման այս երեւոյթը անուշադրութեան չի մատնուիր նաեւ Արեւմուտքին կողմէ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը Ռուսաստանի առանձին նախաձեռնութիւններով կանգ առած է եւ այս կապակցութեամբ հրադադարը ողջունելով հանդերձ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրները՝ ԱՄՆ եւ Ֆրանսա կ՚արտայայտեն նաեւ իրենց որոշակի անհանգստութիւնները։ Փոմփէոյի Թիֆլիզ կատարած այցելութիւնն ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր այս տեսանկիւնէն։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը նախօրէին արդէն այցելած էր Փարիզ։ ԱՄՆ եւ Ֆրանսա այդ փուլին յստակօրէն բարձրաձայնած էին իրենց այժմու ակնկալութիւնները։ Անցնելով Հարաւային Կովկաս՝ Մայք Փոմփէօ այդ զգայնութիւնները արտայայտեց նաեւ Թիֆլիզի մէջ։ Վրաստանն ալ Ռուսաստանի դիրքերու ամրապնդումով կը մտահոգուի եւ Փոմփէոյի այցելութեան ընդառաջ Թիֆլիզէն բարձրացան յայտարարութիւններ, ըստ որոնց եկած է ժամանակը, որպէսզի ԱՄՆ ռազմակայան մը հիմնէ Վրաստանի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի կտրուածքով Ուաշինկթընի եւ Փարիզի տեսակէտէ յառաջ քշուած հարցականները, Մոսկուայէն առկայ ակնկալութիւնները կը վերաբերին նաեւ Անգարային վիճակելիք ապագայ դերակատարութեան։ Տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն մէջ, յամենայնդէպս, Վրաստան այդ առումով անհանգստութիւններ չունի, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սերտօրէն կը համագործակցի։ Սալոմէ Զուրապիշվիլին ալ Մայք Փոմփէոյի երէկուան այցելութեան զուգահեռ յայտնեց, որ չի կարծեր, թէ ԱՄՆ պատրաստ է նոր ռազմակայան մը հաստատելու Վրաստանի մէջ։

Մայք Փոմփէօ Թիֆլիզ ժամանելէ առաջ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով տեղեկացուց, թէ Ուաշինկթըն կը պատրաստուի ելմտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային կատարուած մարդասիրական  ծրագրերու իրականացման նպաստելու նպատակով։ Մարդասիրական օժանդակութեան ծիրէն ներս, ամերիկեան կողմը կը նախատեսէ 5 միլիոն տոլար տրամադրել Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէին։

Բաց աստի, Ուաշինկթըն կոչ ուղղեց Երեւանին եւ Պաքուին, որպէսզի շուտափոյթ կերպով վերսկսին բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին յարատեւ ու կայուն լուծում մը գտնելու նպատակով։ Ըստ Փոմփէոյի, այդ լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի դրոյթներու՝ ուժի չկիրառման եւ անոր սպառնալիքի բացառման, տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ։ Բաց աստի, Մայք Փոմփէօ շեշտեց, որ ԱՄՆ յանձնառու է շարունակելու իր առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միայն պատերազմը դադրած է, սակայն, խնդիրը վերջնականապէս չէ լուծուած։ Ուաշինկթըն մտադիր չէ ետ կանգնելու այս հարցին մէջ ստանձնած իր պարտաւորութիւններէն։ «Որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ ԱՄՆ լիովին ներգրաւուած կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ բանակցութիւններուն։ Պատերազմի դադրեցումը միայն առաջին քայլն է՝ հակամարտութեան խաղաղ, բանակցուած լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ», նշեց Փոմփէօ։

ՓԱՐԻԶԷՆ ՔԱՅԼ

Ֆրանսայի ղեկավարութիւնն ալ այս շրջանին կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ պահել Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները։ Երէկ, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան յայտնեց, որ հրադադարը թէեւ անհրաժեշտ էր հազարաւոր կեանքեր փրկելու համար, սակայն, անորոշութիւնները կը մնան առկայ։ Երկրի Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ՝ ֆրանսացի նախարարը այդ առկայ անորոշութիւններու շարքին թուարկեց՝ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը հակամարտութեան մէջ եւ անոր կարգաւորման գործընթացէն ներս, օտարերկրեայ վարձկաններու խնդիրը, փախստականներու ճակատագիրը, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ բանակցութիւնները։ Ներկայիս այս բոլորին առընչութեամբ Ֆրանսա պարզաբանումներ կ՚ակնկալէ Ռուսաստանէն՝ հրադադարի համաձայնութեան կնքումէն յետոյ։ Ժան-Իվ լը Տրիան մատնանշեց, որ անհրաժեշտ է այդ անհանգստութիւնները վերացնել։ Քննարկումներուն ժամանակ ֆրանսացի զանազան պատգամաւորներ հանդէս եկան քննադատական ելոյթներով, թէ կ՚ամրապնդուի Արեւմուտքի դուրս մնալը Կովկասի վերաբերեալ բոլոր դիւանագիտական գործընթացներէն։

Ազգային ժողովի այս քննարկումներուն առընթեր, Ֆրանսայի Ծերակոյտն ալ օրակարգի վրայ առած է բանաձեւ մը, որով կը նախատեսուի ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։ Այս բանաձեւի քննարկումը նախատեսուած է 25 նոյեմբերին։ Հարկ է յիշեցնել, որ Ֆրանսայի մէջ Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած բանաձեւերը ունին խորհրդատուական բնոյթ, գործադիր իշխանութիւնները զանոնք կ՚ընդունին ի գիտութիւն եւ պարտաւոր չեն կատարելու։

Փարիզէն բարձրացուած մօտեցումներուն համահունչ տեսակէտներ հնչեցին նաեւ Պերլինէն։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի օրերուն Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի դիրքորոշումներուն մէջ նկատուած էին զգալի տարբերութիւններ։ Իսկ այս փուլին, ըստ երեւոյթին այս առումով որոշ չափով փոփոխութիւն եղած է։ Երէկ, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս ողջունեց Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ հաստատուած հրադադարը, սակայն, սկզբնական հակամարտութիւնը այսպէսով տակաւին կարգաւորուած չի նկատուիր։

Եւրոխորհուրդի նախարարական յանձնաժողովէն ներս Գերմանիա երէկ ստանձնեց շրջանային նախագահի պաշտօնը՝ յաջորդելով Յունաստանին։ Այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ Հէյքօ Մաաս խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Գերմանացի նախարարը կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը աշխատին երկարաժամկէտ քաղաքական լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ երէկ արձագանգեց այս բոլորին։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի յստակեցման համար ժամկէտներ գոյութիւն չունին։ «Կարգավիճակի հարցը բաւական զգայուն է։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ այդ մէկը նոր հակամարտութիւններու պատճառ չդառնայ։ Յամենայնդէպս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը կը պահպանէ զգալի դերակատարութիւն եւ կը լուծէ այն բոլոր հարցերը, որոնք արտացոլուած չեն հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրին մէջ», յայտնեց ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախընթաց օր յայտարարած էր, թէ Լեռնային Ղարաբաղի համար յատուկ կարգավիճակի մը սահմանման շուրջ քննարկումները բացառուած են։ «Մոսկուա կ՚ակնկալէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի յատուկ կարգավիճակի քննարկման վերաբերեալ Պաքուի մերժումը հակամարտութեան նոր ալիքի մը ծնունդ չտայ տարածքաշրջանէ ներս», նշեց Ռուտենքօ։

Բաց աստի, Մոսկուայի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Անտրէյ Ռուտենքօ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճան ուղարկուելիք զօրքերու նիւթին։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ ինքնիշխան որոշումն է Ատրպէյճանի մէջ զօրախումբի մը հաւանական տեղակայումը։ Ռուտենքոյի խօսքով՝ Անգարայի այդ ինքնիշխան որոշումը, ըստ ամենայնի, կապուած է թուրք զինուորականներու ռուս զինուորականներու հետ համատեղ ստեղծուած խաղաղապահ կեդրոնի աշխատանքներուն մասնակցելու հետ։ Ան յիշեցուց, որ սոյն կեդրոնը պիտի զբաղի հրադադարի ընթացքի թեքնիկ դիտարկումով։

Ռուսաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին այս բոլորի լոյսին տակ յայտնեց, որ ԱՄՆ եւ իր եւրոպացի դաշնակիցները կը սադրեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ազգայնականները, որպէսզի անոնք տապալեն հրադադարի համաձայնութիւններու կատարումը։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ երէկ յայտնեց, որ ռուս եւ թուրք զինուորականները պիտի ապահովեն ատրպէյճանցիներու եւ հայերու ապահովութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ «Մեր բոլոր հարեւանները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան։ Անոնցմէ երկուքն ալ՝ Ռուսաստանը եւ Թուրքիան կը մասնակցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանցիներու եւ հայերու անվտանգութեան ապահովութեան միտուած գործողութիւններուն», յայտնեց Ալիեւ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020