ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՈՒԹՍՈՒՆ ԵՐԿԻՐ ՄԻԱՑԱՒ ՍՈՎԻ ԵՒ ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴԱՇԻՆՔԻՆ
Պրազիլիոյ նախագահ Լուիզ Ինասիօ Լուլա տա Սիլվայի հիւրընկալմամբ, Ռիոյի մէջ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ այսօր կ՚եզրափակուի, դարձաւ մեծ հարթակ մը, ուր միջազգային յառաջատար դերակատարներու մասնակցութեամբ քննարկուեցան համաշխարհային թէժ օրակարգի խնդիրները։ Կը հաղորդուի, որ արդէն աւելի քան ութսուն երկիր որոշած է միանալ՝ սովի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի համաշխարհային դաշինքին։ Սա Պրազիլիոյ յառաջատար կազմակերպութիւնն է, որու նպատակն է համախմբել հանրային քաղաքականութեան եւ թեքնոլոժիներու միջոցներն ու առաջարկները, որոնք կրնան արդիւնաւէտութիւն ապահովել՝ երկրագունդի վրայ աղքատութեան եւ սովի նուազեցման ուղղութեամբ։ Ներկայիս Պրազիլիան G20-ի շրջանային նախագահն է եւ իր այս նախաձեռնութեան կ՚աջակցին՝ ութսունմէկ երկիր, քսանվեց միջազգային կազմակերպութիւն, ինն ելմտական կառոյց եւ երեսունմէկ հասարակական կամ բարեգործական հիմնարկութիւն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ Ռիոյի մէջ մասնակցեցաւ G20-ի գագաթաժողովին, որու շրջանակներէն ներս ունեցաւ նաեւ կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։ Ան բոլոր հարթութիւններուն վրայ արծարծեց Կազզէի պատերազմի օրակարգը։ Նախագահը շեշտեց, որ սովը մարդկային աղէտի մակարդակին հասած է Կազզէի մէջ։