ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը նա­խըն­թաց օր ժո­ղով մը գու­մա­րե­ցին Իս­թան­պու­լի մէջ։ Սա ե­ռա­կող­մա­նի այս ձե­ւա­չա­փին մէջ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րու եր­րորդ հան­դի­պումն էր։ Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Իս­մէթ Եըլ­մազ այս առ­թիւ հիւ­րըն­կա­լեց Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Զա­քիր Հա­սա­նո­վը եւ Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լին։ Իս­թան­պու­լի մէջ ա­նոնք յայ­տա­րա­րե­ցին, որ ե­րեք եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցու­մը կը նպաս­տէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան, կա­յու­նու­թեան ու բար­գա­ւաճ­ման։ Ըստ Իս­մէթ Եըլ­մա­զի, նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ընդգ­ծուե­ցաւ ե­ռա­կող­մա­նի եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ որ կը նպաս­տէ ե­րեք եր­կիր­նե­րուն։ Եըլ­մազ նշեց, թէ ըստ էու­թեան ի­րենք ու­շադ­րու­թիւն կեդ­րո­նա­ցու­ցած են պաշտ­պա­նու­թեան, անվ­տան­գու­թեան եւ ե­րեք եր­կիր­նե­րու զի­նեալ ու­ժե­րուն վրայ։ Ան­գա­րա­յի, Պա­քուի եւ Թիֆ­լի­զի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը այս հանգ­րուա­նին կը կա­րե­ւո­րեն ռազ­մա­կան ո­լոր­տէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­տեղ յու­շագ­րի մը ստո­րագ­րու­մը։

Խի­տա­շե­լի Իս­թան­պու­լի քննար­կում­նե­րէն վերջ ընդգ­ծեց, թէ Վրաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը աշ­խա­տանք կը տա­նին հա­մա­տեղ վար­ժանք­նե­րու եւ ու­սում­նա­կան ծրագ­րե­րու վրայ։ Վեր­ջին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է, թէ ժա­մա­նակն է՝ որ­պէս­զի ե­րեք եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ե­ռա­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը դառ­նան ա­ւե­լի աշ­խոյժ, յա­տուկ եւ ար­դիւ­նա­ւէտ։ Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի նշեց, որ ե­րեք եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի նպաս­տէ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման։ Ռազ­մա­կան անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման հար­ցին մէջ Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­գան, ինչ­պէս նաեւ Թուր­քիա­յի­նը, կա­պուած է ՆԱ­ԹՕ-ի հետ։

Իր կար­գին, Զա­քիր Հա­սա­նովն ալ նշեց, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը պէտք է լու­ծուին տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու հի­ման վրայ։ Իր խօս­քե­րով, Իս­թան­պու­լի հան­դի­պու­մը կը նպաս­տէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան ա­պա­հով­ման։ «Խա­ղա­ղու­թեան լի­րա­կա­տար հաս­տատ­ման հա­մար մենք պէտք է ըլ­լանք ու­ժեղ եւ ո­րոշ ծրագ­րեր ի­րա­կա­նաց­նենք տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Այ­սօր ըն­դու­նուած կա­րե­ւոր ո­րո­շում­նե­րը կը ծա­ռա­յեն բա­րե­կա­մա­կան եւ եղ­բայ­րա­կան ե­րեք եր­կիր­նե­րու զի­նեալ ու­ժե­րու ամ­րապնդ­ման։ ՆԱ­ԹՕ-ի ծրագ­րե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս մենք կ՚օգ­տա­գոր­ծենք Թուր­քիոյ եւ Վրաս­տա­նի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։ Տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վու­մը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ բո­լոր եր­կիր­նե­րու շա­հե­րուն», ը­սաւ ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս ձե­ւա­չա­փով յա­ջորդ հան­դի­պու­մը նա­խա­տե­սուած է Պա­քուի մէջ։

Հարկ է նշել, որ ե­ռա­կող­մա­նի տե­սակ­ցու­թեան ա­ռըն­թեր Իս­մէթ Եըլ­մազ եւ Զա­քիր Հա­սա­նով ա­ռան­ձին տե­սակ­ցու­թիւն մըն ալ ու­նե­ցան Իս­թան­պու­լի մէջ՝ քննար­կե­լով ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015