ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻՆ՝ ՇՔԱՆՇԱՆ

Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Տ.Տ. Քի­րիլ Պատ­րիար­քը շքան­շան մը շնոր­հեց ռու­սա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­նին, որ «Տա­շիր» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու խում­բի հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահն է։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­նին շնոր­հեց «Սուրբ մեծ իշ­խան Դա­նիէլ Մոս­կուա­ցի» եր­րորդ աս­տի­ճա­նի շքան­շան՝ Տոպ­րովս­քա­յի Սուրբ Քի­րի­լի եւ Մե­թո­տիո­սի տա­ճա­րի շի­նա­րա­րու­թեան հար­ցին մէջ ու­նե­ցած ա­ւան­դին հա­մար։ Հարկ է նշել, որ Տոպ­րովս­քա­յի տա­ճա­րը կա­ռու­ցուած է ի յի­շա­տակ 2002 թուա­կա­նի ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ Քի­րիլ Պատ­րիար­քին, այս նոր սրբա­տե­ղիին կա­ռու­ցու­մը ցոյց կու տայ ա­հա­բեկ­չու­թեան ան­մեղ զո­հե­րու նկատ­մամբ վե­րա­բեր­մուն­քը։

Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ մրցա­նա­կի մը կ՚ար­ժա­նա­նայ Ռու­սաս­տա­նի մէջ։ 2012 թուա­կա­նին ան պար­գե­ւատ­րուած է դար­ձեալ Քի­րիլ Պատ­րիար­քին կող­մէ՝ Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Փառ­քի եւ ազ­նուու­թեան երկ­րորդ աս­տի­ճա­նի շքան­շա­նով՝ Սուրբ Նի­քո­լայ Հրա­շա­գոր­ծի տա­ճա­րի վե­րա­կանգն­ման գոր­ծին մէջ ու­նե­ցած մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։ Իսկ 2001 թուա­կա­նին, ռու­սաց նախ­կին՝ հո­գե­լոյս Ա­լեք­սի Բ. Պատ­րիար­քը ա­նոր շնոր­հած է Սուրբ Տա­նիլ Մոս­կուա­ցիի երկ­րորդ աս­տի­ճա­նի շքան­շա­նը՝ Քա­լու­կա­յի մար­զի ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կուն վե­րա­կանգն­ման հա­մար։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015