ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՕՐԸ
Զուիցերիոյ մայրաքաղաքը՝ Պեռնի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ երկու ղեկավարները կը շարունակեն բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Մինչ հասած է հանդիպման օրը, Արցախի ճակատին վրայ սաստիկ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ, ինչ որ մեկնաբաններու տեսակէտէ թերահաւատութիւն կ՚առթէ բանակցութիւններու հեռանկարներու տեսակէտէ։
Զուիցերիա ուղեւորուելէ առաջ, երէկ, Սերժ Սարգսեան խորհրդակցութիւն մը իրականացուց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս։ Ներկայ էին Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուեցան հաւանական ռազմական գործողութիւններ վարելու ձեւերն ու եղանակներ, զինեալ ուժերու ղեկավարման համակարգն ու զարգացման հիմնական ուղղութիւնները, ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ ռազմական սարքերով հայկական զինեալ ուժերու շարունակական համալրման նպատակով ձեռնարկուած աշխատանքները։ Ըստ Սերժ Սարգսեանի, հայկական բանակը գերժամանակակից սարքաւորումներով լայնօրէն համալրելու գործընթացին համահունչ՝ անհրաժեշտ է նոյնքան ուշադրութիւն ցուցաբերել այդ սարքաւորումներու օգտագործման մասնագիտական կարողութիւններու անընդհատ կատարելագործման նկատմամբ։
Նախագահներու հանդիպման նախորդած օրերուն Արցախի ճակատին վրայ շարունակուեցան հրադադարի խախտումները, որոնց վերաբերեալ հայ եւ ազէրի կողմերը, ինչպէս միշտ, կը տրամադրեն իրերամերժ տուեալներ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Պաշտպանութեան բանակը կասեցուցած է Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ ձեռնարկուած ներթափանցման երեք փորձ։ Շփման գծի արեւելեան հատուածին վրայ երեք ուղղութիւններով պատահած են բախումները։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ազէրի զօրքերուն շարժումը ճիշդ ժամանակին նշմարելով միջամտած են։ Ստեփանակերտի աղբիւրներու հաղորդումներով, կորուստներ կրելով Ատրպէյճանի զօրքերը վերադարձած են իրենց ելման կէտերը։ Աւելի ուշ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը հրապարակեց նաեւ ազէրի զինուորներուն կողմէ մարզադաշտի վրայ նահանջելու ժամանակ թողուած զինատեսակներուն լուսանկարը։ Ատրպէյճանի կողմէ վերջին օրերուն ձեռնարկուած ներթափանցման իրերայաջորդ զանազան դէպքեր կասեցուած են հայկական զօրքերուն կողմէ։ Արդիւնքին հայկական կողմը ունեցած է երեք զոհ։ Այս մթնոլորտին մէջ, Պաքուի աղբիւրները հերքեցին իրենց զօրքերու կրած կորուստներուն շուրջ հայկական կողմին հրապարակած տեղեկութիւնները։ Հարկ է նշել, որ հայկական կողմը պնդած էր, թէ վերջին բախումներուն ընթացքին Ատրպէյճան ունեցած է հինգ զոհ։
Ի լրումն այս բոլորին, տակաւին երէկ գիշեր դարձեալ բախումներ տեղի ունեցան Արցախի ճակատին վրայ։ Ատրպէյճանի զօրքերը ըրին հերթական ներթափանցման փորձը, որ կասեցուեցաւ հայկական ուժերուն կողմէ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն պաշտպանական մարտի ընթացքին զոհուեցաւ զինուոր մը։ Հայկական կողմի տուեալներով, ազէրի կողմն ալ ունի երկու կորուստ։
Առկայ իրավիճակին մէջ Սէյրան Օհանեանն ալ մեկնեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ՝ Պաշտպանութեան բանակի ղեկավարութեան հետ մէկտեղուելու համար։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Պեռնի այսօրուան բանակցութիւններուն ընդառաջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։ Երկու նախագահները վերջին անգամ անցեալ տարի Հոկտեմբերի վերջաւորութեան տեսակցած էին Փարիզի մէջ։ Իսկ այս անգամ անոնք պիտի մէկտեղուին Պեռնի մէջ եւ այս փուլին ընդառաջ Եդուարդ Նալպանտեան շեշտեց, թէ հրամայական դարձած են լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ յստակ քայլերը։ «Խստօրէն կը դատապարտենք Պաքուի կողմէ Արցախի հետ շփման գծին վրայ բազմաթիւ մարդկային զոհերու պատճառ դարձած իրավիճակի աննախադէպ սրումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման նախաշեմին», ըսաւ Նալպանտեան։
Հարցազրոյցին մէջ Նալպանտեան մատնանշեց, որ իւրաքանչիւր բարձրաստիճան հանդիպումէն առաջ Ատրպէյճանի սադրանքներուն հետեւանքով հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան աճը դարձած է օրինաչափութիւն։ Ըստ իրեն, Պաքու պատրանք ունի, թէ կրնայ բանակցիլ զէնքի ուժով։ Հակառակ եռանախագահ երկիրներու՝ ուժի կիրառումը բացառելու բազմաթիւ կոչերուն՝ Ատրպէյճան կ՚երթայ նոր արկածախնդրութիւններու։ Նալպանտեան համոզուած է, որ նման գործողութիւններով Պաքու կը փորձէ շեղել բանակցային գործընթացը՝ խաղաղութեան հաստատման եւ հիմնախնդրի կարգաւորման նպատակէն։ Հետեւաբար, այս իրավիճակին մէջ հրամայական դարձած են լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ յստակ քայլերը՝ եռանախագահներու կողմէ առաջարկուող՝ դէպքերու հետաքննութեան դրութեան ստեղծումը, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դիտորդական առաքելութեան ամրապնդումը, անոր դաշտային օգնականներու թիւին աւելացումը։ «Կ՚ակնկալենք, որ համանախագահ երկիրները գործնական քայլերու կը ձեռնարկեն այս ուղղութեամբ», ըսաւ Նալպանտեան։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ յայտնեց, թէ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասկնայ, որ Պաքուի ուժային քաղաքականութենէն ելքը Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումն է։
Իսկ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը՝ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով ըսաւ, թէ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումէն կ՚ակնկալէ բանակցութիւններու շարունակականութեան ապահովումը։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ան յոյս յայտնեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը յաջողին Ատրպէյճանին բացատրել, որ հարկաւոր է միտքէն հանել հակամարտութեան կարգաւորման ռազմական լուծման հեռանկարը։
Միւս կողմէ, նախագահներու Պեռնի հանդիպման ընդառաջ վերջին օրերուն Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդին ժողովը։ ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ այս ժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերէն մէկը պաշտպանելու ուղղեալ Թուրքիոյ մօտեցումը անընդունելի է եւ չի կրնար ըլլալ շարունակական։ Հայկական կողմը ռուս դեսպանին այս արտայայտութիւնը ընկալած է որպէս Պաքուին ուղղեալ պատգամ մը, որովհետեւ ան մշտապէս կը փափաքի հակամարտութեան կարգաւորումը տեղափոխել այլ հարթակներ։