ՅԱՋՈՐԴ ԴԱՏԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ՝ ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ 18-ԻՆ

Կիւմ­րիի մէջ ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նի հա­մա­լի­րէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ Յու­նուա­րի 12-ին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի եօթ ան­դամ­նե­րը սպան­նած ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին նիս­տը։ Հա­յաս­տա­նի Շի­րա­կի մար­զի Ընդ­հա­նուր ի­րա­ւա­սու­թեան ա­տեա­նին կող­մէ կը դա­տուի մե­ղադ­րեա­լը, դա­տա­ւոր Յա­րու­թիւն Մով­սէ­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Ոճ­րա­գործ Վա­լե­րի Փեր­մեա­քով դա­տա­րա­նի սրահ բե­րուե­ցաւ ռուս զի­նուոր­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ բաց՝ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ի­րա­ւա­պաշտ­պան Ար­թուր Սա­քունց յայ­տա­րա­րեց, որ ռու­սա­կան հա­մազ­գես­տով ան­ձե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը դահ­լի­ճէն ներս ի­րեն ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէր եւ ա­ռա­ջար­կեց ա­նոնց նիս­տե­րու դահ­լի­ճէն հե­ռա­ցուի­լը։ Այդ կէ­տին վրայ ընդ­մի­ջուե­ցաւ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը 15 վայր­կեա­նով։ Դա­տա­կան նիս­տի վերսկ­սե­լէն վերջ դա­տա­կազ­մը մեր­ժեց այդ պա­հան­ջը։ Նոյնպէս «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վալերի Փերմեաքովի դատարանի դահլիճին մէջ ունեցած վերաբերմունքը փաստաբաններուն կարծի-քով լաւ մշակուած ձեւ մըն է։ Ան միշտ նստած մնաց կռնակը դահլիճին դարձած ձեւով։ Դէպի հասարակութիւնը եւ լրագրողները չթեքուիլը իր մօտ լաւ մշակուած ձեւ մըն է։ «Երբ մենք կը մասնակցէինք դատահոգեբանական փորձաքննութեան, ան այսպէս չէր, աւելի կը շփուէր, կը պատասխանէր մասնագէտներու հարցումներուն, անընդհատ կը ժպտէր։ Հիմա կը կարծեմ ան ունի խնդիր դէպի հասարակութիւն չթեքուելու, կը կարծեմ պատճառը որոշ չափով լրատուամիջոցներու գոյութիւնն է։ Ան նաեւ կը ցուցաբերէ բնաւորութեան ամուր յատկանիշներ՝ նոյնիսկ աղմուկի պարագային չշրջուելով», ըսաւ փաստաբան Եփրեմ Սարգսեան։

Բաց աստի, Աւետիսեաններու հարազատները դժգոհութիւն յայտնեցին դատարանի դահլիճէն ներս Վալերի Փերմեաքովին ուղեկցող ռուս զինուորականնե-րու գոյութեան կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ դատավարութիւնը ռուսական ռազմակայանի տարածքէն  ներս իրականացնելու պարագային համար։ Ըստ իրենց, ան հայ ոստիկաններու եւ դատարանի կարգադրիչներու հսկողութեան տակ է եւ չկայ ռուսերուն անհրաժեշտութիւնը։

Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­վա­րու­թեան յա­ջորդ նիս­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յու­նուա­րի 18-ին։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015