Անկեղծ Վշտակցութիւն

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դէս ե­կաւ ու­շագ­րաւ եւ մեր հա­մայ­նքին տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով մը։ Այս­պէս, վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չաք, այժ­մու եւ ան­ցեա­լի կարգ մը վար­չա­յին­ներ եւ մար­զիկ­ներ այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին Տոլ­մա­պահ­չէի Նա­հա­տակ­նե­րու բլու­րը, ուր ծա­ղիկ­նե­րով ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցին եւ միա­ցան երկ­րէն ներս ստեղ­ծուած ընդ­հան­րա­կան բո­ղո­քի ա­լի­քին։ Շիշ­լի­ցի­նե­րը նա­խա­տե­սած էին այս քայ­լով ան­կեղծ վշտակ­ցու­թեան պատ­գամ մը փո­խան­ցել եւ գա­ղա­փա­րը հա­սուն­ցած էր ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Իս­թան­պու­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մին ազ­դե­ցու­թեամբ։ Ե­կուր-տես, որ Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ ար­դէն վրայ հա­սաւ նաեւ Կե­սա­րիոյ ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով 14 զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Երբ երկ­րէն ներս հա­մա­տա­րած պոռթ­կու­մի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուած է, շիշ­լի­ցի­նե­րուն այս քայ­լը բնա­կա­նա­բար շատ տե­ղին եւ օգ­տա­կար էր՝ մեր հա­մայն­քի ան­կեղծ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը հան­րա­յին կար­ծի­քի նկա­տառ­ման յանձ­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Թրքա­հա­յերն ալ, ինչ­պէս երկ­րի բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, այս շրջա­նին ան­շե­ղօ­րէն կը հե­տե­ւին այն սկզբուն­քին, որ միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն դի­մադ­րու­թիւնն է ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Մեր հա­մայն­քի այս մօ­տեց­ման ա­մե­նա­շօ­շա­փե­լի դրսե­ւո­րու­մը հան­դի­սա­ցան այն մե­խակ­նե­րը, ո­րոնք Ա­լէն Թեք­պը­չա­քի եւ ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ թո­ղուե­ցան Նա­հա­տակ­նե­րու բլու­րին վրայ։

Հա­մայն­քին ա­նու­նով առ­նուած այս կա­րե­ւոր քայ­լին շրջագ­ծով Ա­լէն Թեք­պը­չաք ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տը դրաւ մեր երկ­րի դա­րե­րու խոր­քէն բխած հա­մա­կե­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Ան շեշ­տեց, որ իբ­րեւ այս հայ­րե­նի­քի զա­ւակ­նե­րը՝ վեր­ջին դէպ­քե­րը խոր յու­զում պատ­ճա­ռած են թրքա­հա­յու­թեան։ Ան նա­հա­տակ­նե­րու հոգ­ւոյն հա­մար մաղ­թեց երկ­նա­յին հան­գիստ, վի­րա­ւոր­նե­րուն մաղ­թեց շու­տա­փոյթ ա­պա­քի­նում եւ բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն ար­տա­յայ­տեց բո­լո­րի ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար։ «Այս դէպ­քե­րը մե­զի ցաւ կը պատ­ճա­ռեն», ը­սաւ Ա­լէն Թեք­պը­չաք եւ ա­ւել­ցուց, որ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չա­յին­նե­րը փա­փա­քած են Նա­հա­տակ­նե­րու բլու­րը փու­թա­լով ցա­ւա­կից ըլ­լալ երկ­րի բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2016