ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Շա­բաթ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ մտա­ւո­րա­կան Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեա­նի փա­ռա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը։ Հան­գու­ցեա­լի դա­գա­ղը մա­հա­բե­մի վրայ զե­տե­ղուած էր ե­կե­ղեց­ւոյ ճիշդ կեդ­րո­նը։ Ա­նոր շուրջ կե­րո­նա­կիր էին՝ Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Սար­գիս Քիւ­լե­կէչ, փոխ-ա­տե­նա­պետ Նա­զա­րէթ Պալ, Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չաք եւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բէն Նու­պար Կիւ­զել­տեւ­լէ­թեան։ Լու­սա­շող տա­ճա­րը լե­ցուած էր հոծ թի­ւով յու­ղար­կա­ւոր­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք փու­թա­ցած էին ի­րենց վեր­ջին յար­գան­քը մա­տու­ցե­լու Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեա­նի եւ ա­նոր վաս­տա­կին նկատ­մամբ։

Յու­ղար­կա­ւոր­նե­րու շար­քին էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, մեր վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ եւ մեր հա­մայն­քի հոծ թի­ւով ան­դամ­ներ, ո­րոնք փու­թա­ցած էին Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեա­նի վաս­տա­կին առ­ջեւ բե­րել ի­րենց խո­նա­րհու­մը։

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան նա­խա­գա­հեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ խօ­սե­ցաւ կուռ դամ­բա­նա­կան մը։ Ան ընդգ­ծեց, որ կեան­քը ան­կա­տար մար­դոց կա­տա­րե­լու­թեան հաս­նե­լու ջան­քե­րու ըն­թացքն է։ Այս ի­րո­ղու­թեան լոյ­սին տակ դամ­բա­նա­խօս Հայր Սուր­բը գնա­հա­տեց Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեա­նի կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան շեշ­տեց, որ ան իր մտա­ւո­րա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն եւ յա­մառ աշ­խա­տա­նքէն բա­ժին դուրս բե­րած էր՝ մեր մշա­կոյ­թի գան­ձա­նա­կին մէջ կա­րե­ւոր ներդ­րում մը կա­տա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեա­նի մար­մի­նը հո­ղին յանձ­նուե­ցաւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մտա­ւո­րա­կա­նաց բաժ­նէն ներս։

83 տա­րե­կան հա­սա­կին կեան­քէ հե­ռա­ցած Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեան 1933 թուա­կա­նին ծնած էր Իս­թան­պու­լի մէջ։ Նա­խակր­թա­րա­նը ա­ւար­տած էր Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի մէջ, ա­ւե­լի վերջ յա­ճա­խած էր Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն։ Բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­ցած էր Մի­չի­կը­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Որ­դին էր իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի յայտ­նի ազ­գա­յին­նե­րէն Մի­քա­յէլ Թուղ­լա­ճեա­նի, որ Տ.Տ. Գէորգ Զ. ե­րա­նաշ­նորհ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի ընտ­րու­թեան առ­թիւ մեկ­նած էր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեան որ­պէս գիտ­նա­կան ու պատ­մա­բան ծա­ւա­լած էր բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն։ Լուրջ համ­բաւ ձեռք բե­րած էր իր պատ­րաս­տած բա­ռա­րան­նե­րով եւ հան­րա­գի­տա­րան­նե­րով։ Վառ օ­րի­նակ­նե­րէն մին էր «Օ­քիա­նուս»ը։ Թրքե­րէ­նի մէջ ա­ռա­ջին բժշկա­կան եզ­րոյթ­նե­րու բա­ռա­րա­նը պատ­րաս­տած էր։ Աշ­խա­տած էր նաեւ որ­պէս կրթա­կան մշակ՝ դա­սա­ւան­դե­լով անգ­լե­րէն։ Նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն Պիւ­լենտ Է­ճէ­վի­տի յա­տուկ թոյլ­տուու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րած էր Օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րէն ներս։ Հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րէն Իս­մէթ Ի­նէօ­նիւ, Ճեւ­տէտ Սու­նայ եւ Ֆահ­րի Քո­րու­թիւրք զին­քը դար­ձու­ցած էին յա­տուկ գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ։ Թէ՛ Թուր­քիոյ եւ թէ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ մաս­նակ­ցած էր բազ­մա­թիւ գի­տա­կան հա­ւա­քոյթ­նե­րու եւ ար­ժա­նա­ցած՝ զա­նա­զան կո­չում­նե­րու։

Հա­յե­րու եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի վե­րա­բե­րեալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ ալ կա­տա­րած էր Թուղ­լա­ճեան, որ իր ա­մե­նա­փոր­ձա­ռու շրջա­նին հաս­տա­փոր հա­տոր­նե­րով լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռած էր ա­րեւմ­տա­հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը։ Պա­լեան եւ Տա­տեան գեր­դաս­տան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը, Իս­թան­պու­լի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ գոր­ծե­րը, աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի Թուր­քիոյ մէջ ծա­ւա­լած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քին վե­րա­բե­րեալ գոր­ծե­րը կրնան ա­ռանձ­նա­ցուիլ իր ար­տադ­րան­քի ամ­բող­ջին մէջ։

Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեան՝ որ­պէս իր սե­րուն­դի ե­զա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մին հրա­ժեշտ ա­ռաւ մեզ­մէ, իր ե­տին թող­լով ծով վաս­տակ մը։

Այս տա­խուր առ­թիւ ցա­ւակ­ցու­թիւն կը յայտ­նենք իր այ­րիին եւ հա­մայն ըն­տա­նի­քին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2016