NOSTALJİ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԻՆ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Բանկալթիի Nostalji գրախանութ-սրճարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Akıntıya Karşı» գիրքին շնորհանդէսը։ Ծանօթ է, որ ներկայ շրջանին Nostalji-ի մէջ տեղի կ՚ունենան իրերայաջորդ ծանօթացման հաւաքոյթներ, որոնք առարկայ կը դառնան գրասէրներու հետաքրքրութեան։
Հարկ է նշել, որ «Akıntıya Karşı» գիրքը կը ցոլացնէ հայկական հարցին հետաքրքրական եւ անանտեսելի երեսակներէն մին։ Գործին հեղինակն է Պուրչին Կերչէք։ Շաբաթ յետմիջօրէին կազմակերպուած շնորհանդէսին ընթացքին իր հետ ասուլիս մը իրականացուց հրատարակիչ Օսման Քէօքէր։ Պուրչին Կերչէք գրասէրներու հետ զրուցելու ընթացքին բացատրեց, որ գիրքին պատրաստութիւնը տեւած է շուրջ երկու տարի։ Եւրոպայէն բազմաթիւ դէմքերու հետ տեսակցած է եւ հետազօտութիւններ կատարած՝ արխիւներէ ներս։ Գիրքի բովանդակութիւնը կը վերաբերի անոնց, որոնք ընդդիմացած են հայոց ցեղասպանութեան։ Այսինքն, 1915-ի շրջանին տրուած հրահանգներուն դէմ անհնազանդ գտնուողները, դիմադրողները եւ հայերը փրկողները կը կազմեն այս գիրքին առանցքը։ Մարդասիրական շեշտադրումով հեղինակը խոշորացոյցի տակ առած է այս նիւթը եւ յարմար նկատած է գիրքին մէջ տեղ չտալ անոնց, որոնք շահադիտական նկրտումներով 1915-ի շրջանին օգնած են հայոց կամ փրկած են զանոնք։
Գրասէրներու հարցումներուն պատասխանելէ վերջ հեղինակը մակագրեց իր գիրքը, որ լոյս տեսած է «İletişim» հրատարակչութենէն։