ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ուքրայնոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Զելենսքի բարձր արարողակարգով հիւրընկալուեցաւ Պաքուի մէջ, ուր բանակցութիւններ վարեց Ալիեւի հետ։ Երկու ղեկավարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Նախագահները մասնակցեցան նաեւ Ատրպէյճան-Ուքրայնա գործարար ֆորումին։ Պաքուի եւ Քիեւի միջեւ ստորագրուեցան շարք մը համաձայնագրեր, որոնց նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը։

Թէ՛ Զելենսքի եւ թէ Ալիեւ շեշտեցին, որ երկու երկիրներու համագործակցութեան բնագաւառները պէտք է տեսակաւորուին ու միայն պէտք չէ սահմանափակուին ուժանիւթի բնագաւառով։ Զելենսքի շեշտեց, որ Ուքրայնոյ մէջ ենթակառուցուածքներու նոր ծրագրեր կեանքի պիտի կոչուին եւ այդ շինարարութիւններուն կրնան մասնակցիլ Ատրպէյճանի ընկերութիւնները։ Ան աւելցուց, որ իրենք կը ձգտին Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան՝ ՍՈՔԱՐ-ի գործունէութեան ընդլայնման Ուքրայնոյ մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019