ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ

Երեւանի մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի կողմէ Հայաստանի մէջ ծաւալուած գործունէութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Հարկ է նշել, որ ԻՒՆԻՍԷՖ Հայաստանի մէջ գործունէութեան սկսած է 1994 թուականին եւ կ՚աջակցի երկրի կառավարութեան՝ մշակելու եւ կեանքի կոչելու համար բարեփոխումներ, որոնք ուղղած են երեխաներու իրաւունքի պաշտպանութեան։ Այս աշխատանքի առանցքին կը գտնուին՝ ամենակարիքաւոր, ընկերային տեսակէտէ խոցելի ընտանիքներու երեխաներ։ 25-ամեակի ծիրէն ներս Հայաստանի Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան ճանչցուեցաւ՝ որպէս երեխաներու իրաւունքներու արտակարգ պաշտպան։ Յոբելեանին առթիւ Մատենադարանի մէջ կազմակերպուեցաւ խորհրդաժողով մը, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ համերգ մը։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019