ՄԵԾՆ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։ Յոբելենական այս երեկոյթը թէեւ հերթական էր, սակայն եկաւ առանձնանալ վերջին շրջանին կազմակերպուած բազում ձեռնարկներու շարքին։

Երեկոյթի յայտագիրը պատրաստուած էր՝ վերջին տարիներուն Կոմիտաս Վարդապետի ժառանգութեան հիման վրայ կատարուած երկու կարեւոր արտադրութեան առանցքով։ Այդ գործերէն մին էր 2014 թուականին Kalan ընկերութեան կողմէ թողարկուած «Երգարան» ալպոմը։ Իսկ միւս գործն էր Birzamanlar հրատարակչութեան կողմէ վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած «Kalbim O Viran Evlere Benzer» թարգմանական գործը։ Այս երկու կարեւոր արտադրութիւններուն հիման վրայ երէկ երեկոյեան ասուլիսով մը հանդէս եկան ազգագրա-երաժշտագէտներ Պուրճու Եըլտըզ եւ Մելիսսա Պիլալ, ինչպէս նաեւ երաժիշտ Արի Հերկել։

Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու։ Ապա երեկոյթի ատենախօսները յիշեալ երկու արտադրութիւններուն հիման վրայ տուին բացատրութիւններ, խորհրդածութիւններ ըրին Կոմիտասին թողած աւանդին մասին եւ պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն։ Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ երաժշտական կատարումներ։

Ձեռնարկի ներկաներու շարքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ հուսկ բանք մը արտասանեց յայտագրի գործադրութեան աւարտին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019