ՓՈՔՐ ԲԱՅՑ ՀԶՕՐ…
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջերս մասնակցեցաւ «Տոհա ֆորում»ին, Քաթարի պետութեան էմիր Թամիմ պին Համիտ էլ Թանիի հրաւէրով։ Այս ֆորումը հեղինակաւոր միջազգային ձեռնարկ մըն է, որ կը համախմբէ աշխարհի քաղաքական ու տնտեսական առաջնորդները, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու մասնագէտներ։ Այս տարուան ֆորումը կազմակերպուեցաւ՝ «Կառավարման վերաիմաստաւորումը բազմաբեւեռ աշխարհի մէջ» խորագրով։ Աշխարհի զանազան երկիրներէ շուրջ 250 բանախօսներ ելոյթ ունեցան ֆորումի ժամանակ։ Մօտաւորապէս 3 հազար հոգի մասնակցեցաւ այս մեծ ձեռնարկին, որու ընթացքին քննարկուեցան յարափոփոխ աշխարհի զարգացման միտումներն ու ժամանակակից պահանջներու համապատասխան՝ կառավարման արդիւնաւէտ համակարգեր ստեղծելու հարցերը։ «Տոհա ֆորում»ի գործընկներները կը հանդիսանան նոյնպէս միջազգային հեղինակութիւն վայելող շարք մը կազմակերպութիւններ՝ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովը, Միջազգային ճգնաժամային խումբը, «Չեթըմ հաուզ»ը եւ այլն։
«Տոհա ֆորում»ի ժամանակ Արմէն Սարգսեան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ համաշխարհայնացեալ երկրագունդի զարգացման միտումներուն։ «Իրականութիւնը այն է, որ աշխարհ ո՛չ միայն բազմաբեւեռ է, այլեւ՝ մեր ակնկալածէն շատ աւելի բարդ։ Բազմաբեւեռ աշխարհի բարդութիւններուն հետ կան նաեւ շատ հարցեր, որոնք կը մնան անպատասխան։ Անորոշութիւնը աւելի շատ է, քան յստակութիւնը, անկանխատեսելի իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան աւելի շատ՝ քան կանխատեսելիները։ Ինչո՞ւ այս բոլորը տեղի կ՚ունենան։ Ներկայիս մենք որոշ առումով ժամանակի խաչմերուկի մը վրայ ենք եւ այդ ժամանակի դարպասով մուտք կը գործենք դէպի նոր դարաշրջան», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ այս նոր աշխարհին մէջ կրնան հզօր ըլլալ նաեւ փոքր երկիրները։ Այս հիման վրայ ան կոչ ուղղեց ֆորումի մասնակիցներուն, որպէսզի երթան դէպի Հայաստան։