ՕՆՆՕ ԹՈՒՆՉԻ ՎԵՐՅԻՇՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Երաժշտական յառաջացեալ հետազօտութիւններու կեդրոնը (MİAM) կը պատրաստուի ոգեկոչել անմոռանալի երգահան Օննօ Թունչը։ Այսպէս, 3-6 փետրուար 2020 թուականին Օննօ Թունչին ձօնուած ծրագիր մը կեանքի պիտի կոչուի։ Ընդհանրապէս մեներգչուհի Սեզէն Աքսուի կողմէ մեկնաբանուած իր շարք մը երգերը կը համարուին փոփ երաժշտութեան գլուխ գործոցներ։ Օննօ Թունչին վերաբերեալ այս ծրագիրը պիտի ընդգրկէ աշխատանոցներ, ասուլիսներ եւ այլն։ Նախատեսուած է նաեւ հանգուցեալ երգահանի եղբօր՝ ամերիկահայ յայտնի երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեանի մասնակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019