Արեւտմահայ Բանաստեղծներ Կարդացին Իրենց Գործերը Երեւանի Մէջ
Սփիւռքահայ բանաստեղծներու հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Քասքատ համալիրի մայթերուն տարածուած փապերէն մէկուն՝ «In Sane»ի մէջ, ուր «դէմ-դիմաց, կողք-կողքի», ինչպէս նշուած էր երեկոյի ծանուցման մէջ, երկու սփիւռքահայ բանաստեղծներ՝ պէյրութահայ Սագօ Արեանն ու հալէպահայ Տիգրան Գաբոյեանը ընթերցումներ կատարեցին իրենց հին ու նոր բանաստեղծութիւններէն, եւ շուրջ մէկ ժամ փապի կիրակնօրեայ մթնոլորտը յագեցաւ արեւմտահայ գիրով, բառով ու մտածողութեամբ։ Այս հանդիպման ներկայ էին սփիւռքահայ եւ երեւանաբնակ հայաստանցի գրասէր շրջանակ մը եւ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ, որոնք հաճոյքով ըմբոշխնեցին ելոյթները։
Հանդիպման ընթացքին ներկաները ունկնդիր եղան երկու բանստեղծներու կողմէ ընտրուած բանաստեղծական փունջի մը եւ առիթը ունեցան ծանօթանալու գրողի տարբեր գործերու մտայղացման շարժառիիթ հանդիսացած մեկնաբանութիւններուն, ինչպէս նաեւ երեկոյի աւարտին տեղի ունեցաւ անմիջական շփում բանաստեղծներուն հետ:
Երկու սփիւռքահայ բանաստեղծները, որոնք տարբեր են իրենց շունչով եւ էութեամբ, ներկաներուն ներկայացուցին իրենց իրականութեան տարբեր հատուածները:
Տիգրան Գաբոյեան, ինչպէս իր խօսքի մէջ ալ ընդգծած էր, գրական այս հանդիպման համար ընտրած էր այնպիսի գործեր, որոնք լոյս կը սփռէին իր ներքին աշխարհի, ներանձնային զգացողութիւններուն վրայ, որոնց մասին ալ կը յուշէ իր ընտրած բանաստեղծութիւններու վերնագրերը, ինչպէս՝ «Այլընտրանք», «Փոփոխութիւն», «Էութիւն առանց ըլլալու» եւայլն, ուր փորձած էր խտացնել այլընտրանքային տանջանքները, ճակատագրայնութիւնը, փոփոխութեան արմատի պրպտումները, եղած ու չեղած նշանաբանները, հակադիր էութիւնները եւայլն, որոնք պահուած էին խիտ եւ նուրբ պատկերներու ետին, երբեմն նոյնիսկ խեղթուած իրերայաջորդ ծանրախոհ բառերու տակ, որոնք թոյլ չէին տար միտ-քի ու զգացողութեան յստակ բացայայտման:
Մինչ Սագօ Արեանի ընտրած կտորները կը բնորոշուէին ազատ ու համարձակ, միտքը չսանձող երբեմն նոյնիսկ առօրէական բառերու օգտագործմամբ, որու լեզուն (ինչպէս ինք կ՚ըսէ) «քաղաքին մայթերէն կ՚առնէ իր սնունդը յաւիտենական», ուր տարբեր գաղափարներն ու զգացումները տող առ տող իրարու կը յաջորդեն արտայայտելով բանաստեղծի միտքը, ցաւը, պոռթկումը, ըմբոստութիւնը, երազները, ներկայացուած հաճելի համադրականութեամբ: Արեանի գործերու մէջ յստակ կ՚երեւէր իր ապրած միջավայրի եւ կեանքի արտացոլնաքը, անոր անձնական, քաղաքական, պաշտամունքային, զգացմունքային բոլոր շերտերով:
Արեան բացատրելով շատ մը ընթերցողներու կամ գրաքննադատներու կողմէ հնչող այն հարցին, թէ ինչո՛ւ իր գործերուն մէջ յաճախ կը յիշուին Դամասկոսը, Կազզէն կան Երուսաղէմը՝ մեկնաբանեց, որ այս թեմաները շատ աւելի իրական են ու ներկայ, քան 1915-ի թեման, որու անուղղակի կրողն է ինք, մինչ պաղեստինեան դատը Պէյրութ անցած իր մանկութեան օրերուն անընդհատ հալածած է իր հոգին, հետեւաբար անոր բոլոր հասկացութիւնները կամայ ակամայ կ՚երեւին իր բանաստեղծութեան մէջ:
Արեանի մօտ շատ զգալի է ընդվզումն ու յեղափոխական ոգին, որ չունի ներփողելու կամ նահատակի յիշատակ երգելու միտում, այլ՝ ախտերու ու վէրքերու մատնանշում: Ան կը փառաբանէ «հոգիէն ներս եւ ոչ թէ խճողուած տաճարին մէջ ապրող Աստուածը», կ՚ողբայ ապերախտ սփիւռքն ու հերոսներ չքացնող Հայաստանը, անհայրենիք հայու կեանքը, որ «Հայաստանի ճանապարհը կը գծէ երազի պատերուն վրայ»: Գրողի «մինակ ու ցուրտ գիշերներուն» միակ ապաւէնը կը հանդիսանայ սէրը, իսկ «որբ օրերու հայրենիքը»՝ լեզուն:
Երեկոյի աւարտին բանաստեղծ Արտեմ Յարութիւնեան բարձր գնահատելով զոյգ բանաստեղծներու կատարումները՝ ողջունեց անոնց ելոյթները եւ յայտնեց իր ուրախութիւնը հայ գրականութեան արեան մէջ նոր բանաստեղծներ ներառկելու կապակցութեամբ:
Յարութիւնեան իր խօսքի մէջ նշեց, որ թէ՛ Սագօն եւ թէ Տիգրանը շատ զգայուն են, անոնք լեզուի անցուդարձին կը նային հեռադիտակով, ինչ որ աւելի հեռուն կը տանի զանոնք, լեզուական ֆոնին տակ ունենալով իրենց հայրենիքի պատկերը, որովհետեւ անոնք քոնթրասթի (հակադրութիւն- հակապատկեր) մէջ կը տեսնեն իրենց կեանքը, մերթ այստեղ, մերթ այնտեղ, ներս-դուրս, երկու աշխարհներու միջեւ եւ խօսքը ուղղելով բանաստեղծներուն ըսաւ. «Այսպիսին է աշխարհի ընթացքը, դուք ոչինչ ունիք բացի «վաղը» ըսելէ, գրելը արդէն «վաղը» ըսելն է եւ ձեր մէջ եղած գրական ուժը ձեզ հոն կը տանի, շատ բանաստեղծական մուտքեր դուք արդէն մտած էք եւ այդ մուտքը կրնամ ըսել, հակառակ Սագոյի ընտրած առաջին գիրքի վերնագրին, որ «Տարտամ տողեր» կը կոչուի՝ այնքան ալ տարտամ չէ»:
Այնուհետեւ ան համեմատելով երկու բանաստեղծներուն ոճը, նշեց, որ Արեանի մօտ երեւոյթները աւելի բազմապատկուած են, հիւթեղացած եւ պայթեցնող, իսկ Գաբոյեանի կտորները աւելի ամփոփուած եւ աֆորիզմի ու պատկերի միջուկը փորող: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ երկու տաղանդաւոր բանաստեղծներու մօտ ալ ոճային տարբեր երանգներու տակ տագնապը «տագնապիզմը» խորապէս ներկայ է։ Ան աւելցուց. «Անոնք իրատեսութիւնը առաջնային չունենալով, Հայաստանի հողը չկոխկռտելով, ստեղծած են նոր հող մը, իրենց տարածքներուն վրայ, յաւերժօրէն ասեղնագործելով իրենց հայ հոգիի նախշը, իմաստութիւնը, պիպլիական ճիչը, ուղղուած մարդկայի՛ն ըլլալու եւ ամէն տեսակի խոցելի երեւոյթներուն հակադրուելու»:
Նշենք, որ Տիգրան Գաբոյեան ցարդ ունի տպագրուած բանաստեղծական երկու հատորներ՝ «Դէպի երկինք արձակուած նետ» (1995 թ.) եւ «Անմաս» (2002 թ.): Սագօ Արեան նոյնպէս ունի երկու բանաստեղծական ժողովածոներ՝ «Տարտամ տողեր» (1997 թ.), «Կանայի հարասանիքը» (2000 թ.), ինչպէս նաեւ երրորդ գիրք մը, որ պատրաստ է, սակայն դեռ չէ տպագրուած եւ կը կոչուի «Թափուր պարտէզ»: Անոնք ունին նաեւ հայրենի եւ սփիւռքեան գրական թերթերու եւ ամսագրերու մէջ տպագրուած բանաստեղծութիւններ: