ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԵՒՐՈՊԱ
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի այս ամսուան վերջաւորութեան կարեւոր ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Եւրոպա։ Այս շրջագծով ան պիտի այցելէ Իտալիա, Վատիկան եւ Ֆրանսա։ Թեհրանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Յունուարի 25-ին Հասան Ռուհանի պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ժամանէ Հռոմ, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ Իտալիոյ Նախագահ Սերճիօ Մաթարելայի եւ Վարչապետ Մաթէօ Ռենսիի հետ։ Ան պիտի տեսակցի նաեւ իտալացի ներդրողներու եւ այդ երկրի յառաջատար ձեռնարկութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Վատիկանի մէջ ալ Հասան Ռուհանի պիտի տեսակցի Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին հետ։
Այս բոլորէն վերջ Հասան Ռուհանի պիտի ուղեւորուի Փարիզ, ուր իր շփումները նախատեսուած են Յունուարի 27-28-ին։ Էլիզէի պալատին մէջ ան պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի կողմէ։ Փարիզի ղեկավարութենէն այլ դէմքերու առընթեր Ռուհանի պիտի տեսակցի նաեւ ֆրանսացի ձեռնարկատէրերու, նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հարկ է նշել, որ Ռուհանիի այս ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենար անցեալ Նոյեմբերին, սակայն Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով իր այցը յետաձգուած էր ստիպողաբար։