Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ անցեալ տարուան վերջին օրերուն ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որով կը նախատեսուի փոփոխութեան ենթարկել կազի, նաւթամթերքներու ու անմշակ բնական ադամանդի առաքումները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փաստաթուղթը ստորագրեցին Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսան Նովաք եւ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Օլէկ Եսայեան։
Հարկ է նշել, որ երկու երկիրներուն միջեւ այս ոլորտին վերաբերեալ կը գործէր 2 Դեկտեմբեր 2013 թուականին ստորագրուած համաձայնագիր մը, որ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ ստորագրուած այս արձանագրութիւնով։
Շաբաթ, Յունուար 2, 2016