ՊԱՅՏԸՆ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԹՈՒՐՔԻԱ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն 2016 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին ամ­սուան մէջ պի­տի այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ճօ Պայ­տըն պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ իր շփում­նե­րը տե­ղի ու­նե­նան Յու­նուա­րի 23-ին։ Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը այս շրջա­նին թա­փով կը շա­րու­նա­կուի՝ հրա­տապ օ­րա­կար­գով մը, ո­րով­հե­տեւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ ստեղ­ծուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան շրջագ­ծով եր­կու կող­մե­րուն քայ­լե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։

 

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016