ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Հայաստան 2017 թուականը դիմաւորեց խաղաղութեան սպասումներով եւ լաւատեսութեամբ։ Հակառակ երկրի առկայ բոլոր դժուարութիւններուն ժողովուրդը Ամանորի առթիւ տոգորուած էր դրական զգացումներով։ Նոյնիսկ հասարակութեան ամենահամեստ խաւերը ըմբոշխնեցին Ամանորի ուրախութիւնը։ Մայրաքաղաք Երեւանի հրապարակներուն վրայ զգալի էր տօնական բարձր տրամադրութիւնը։
Տարեմուտին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան փոխանցեց իր պատգամը, որ սփռուեցաւ հեռատեսիլի կայաններու կողմէ։ Այս առթիւ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան նոր տարի մը կը մտնէ իր ուժերուն նկատմամբ վստահութեամբ։ «Յաջորդ 25 տարիները պիտի ըլլան վերելքի՝ աւելի ուժեղ եւ աւելի բարեկեցիկ Հայաստան կերտելու շրջան։ Այս իսկ ոգիով մենք ամէն օր յառաջ պիտի երթանք բոլորիս համար տեսանելի եւ շօշափելի փոփոխութիւններ իրականացնելու ճանապարհով։ Նոր տարի կը մտնենք լուրջ եւ իրատես ծրագրերով։ Հետեւողական եւ լայնածաւալ փոփոխութիւններու դրական արդիւնքները թէ՛ տնտեսութեան եւ թէ այլ ոլորտներու մէջ մօտաւոր ապագային պիտի զգանք բոլորս», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, որ յաջորդ տարին պիտի ըլլայ վճռորոշ։ Արդարեւ, 2017 թուականի գարնան Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւնները։ «Մեր հասարակութիւնը միասնաբար կրնայ կազմակերպել այնպիսի քաղաքական գործընթաց մը, որուն պիտի վստահի անոր իւրաքանչիւր ներկայացուցիչը։ Մեզի անհրաժեշտ են այնպիսի ընտրութիւններ, որոնց շնորհիւ մեր պետութեան նաւը պիտի խուսափի անցեալի յայտնի ստորջրեայ խութերուն բախուելէ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Ամանորեան պատգամին մէջ Նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջարկեց բաժակ բարձրացնել հայոց բանակին, այն մարդոց համար, որոնք կ՚ապահովեն երկրին խաղաղութիւնը։ Ան շարունակեց. «Նաեւ կ՚առաջարկեմ բաժակ բարձրացնել մեր նոր սերունդին, մեր երախաներուն համար։ Անոնք են անկախութեան սերունդը, որ անառիկ կը պահէ մեր սահմանները։ Անոնց շնորհիւ եռագոյնը կը փողփողէ ողիմպիական խաղերուն։ Այս սերունդի ներկայացուցիչները համաշխարհային դպրոցական առարկայական ողիմպիականներէն կը վերադառնան տասնեակ մետայնելով։ Անոնց ստեղծագործական միտքը կը բանայ աշխարհի ամենայայտնի մշակութային ու գիտական օճախներու դռները։ Անոնց կրթութեան եւ աճին համար մենք որեւէ միջոց պիտի չխնայենք։ Իմ հաստատ համոզմամբ՝ այսպիսով իսկ պիտի ստեղծեն բազմապատիկ աւելի լայն Հայաստան, քան այժմ ունինք»։