ՄԱԿ-Ի ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՄԱԿ-ի նոր ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րէժ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ հրա­պա­րա­կեց պատ­գամ մը, ո­րու մէջ խա­ղա­ղու­թիւ­նը ընդգ­ծեց որ­պէս ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն՝ 2017 թուա­կա­նին հա­մար։ Կու­թե­րէժ, որ ե­րէ­կուան դրու­թեամբ ստանձ­նեց ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նը, ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը. «Խա­ղա­ղու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ մեր նպա­տա­կը եւ մեր ու­ղե­ցոյ­ցը։ Որ­պէս հա­մա­մարդ­կա­յին ըն­տա­նիք՝ ինչ բա­նի որ կը ձգտինք. ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն եւ յոյս, յա­ռա­ջըն­թաց ու բա­րե­կե­ցու­թիւն՝ կա­խեալ է խա­ղա­ղու­թե­նէն»։

­Կու­թե­րէժ ը­սաւ, թէ պի­տի աշ­խա­տի լու­ծել խնդիր­նե­րը այն մար­դոց, ո­րոնք յայտ­նուած են պա­տե­րազմ­նե­րու եւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու մէջ։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց Սու­րիոյ, Հա­րա­ւա­յի Սու­տա­նի, Եէ­մէ­նի եւ Պրուն­տուի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով տա­ռա­պող մի­լիո­նա­ւոր մար­դոց վրայ։ «Ոե­ւէ մէ­կը պի­տի չյաղ­թէ այդ պա­տե­րազմ­նե­րուն մէջ, բո­լո­րը պի­տի պար­տուին», ը­սաւ Կու­թե­րէժ։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017