ԱՄՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՆ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ԿԱԶՄԷՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ դուրս եկան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կազմէն։ Այս երկու երկիրները մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր կը ջանային դուրս գալ ԻՒՆԷՍՔՕ-էն, որ ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի կառոյցն է։ Բ. Աշխարհամարտէն վերջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն ստեղծուած էր խրախուսելու համար խաղաղութիւնը, ուստի ԱՄՆ-ի դուրս գալը մեծ հարուած մը կը համարուի այդ կառոյցին տեսակէտէ։

2011 թուականին Պաղեստին անդամ դարձած էր ԻՒՆԷՍՔՕ-ին եւ այդ փուլէն սկսեալ ԱՄՆ եւ Իսրայէլ դադրեցուցած էին իրենց ելմտական փոխանցումները։ Ուստի, ԻՒՆԷՍՔՕ երկար ժամանակէ ի վեր կը դիմագրաւէ լուրջ ելմտական մարտահրաւէրներ։ ԱՄՆ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի պիւտճէի 22 տոկոսը կը դիմագրաւէր եւ 2011 թուականէն ի վեր կուտակուած են իր պարտքերը՝ հասնելով 600 միլիոն տոլարի։ Իսկ Իսրայէլ ԻՒՆԷՍՔՕ-ին պարտական է 10 միլիոն տոլար։ ԻՒՆԷՍՔՕ Արեւելեան Երուսաղէմը համարած էր Իսրայէլի բռնագրաւման ենթակայ եւ այս պատճառով կարգ մը հրէական շրջանները հռչակած էր Պաղեստինի ժառանգութեան մաս։

Հարկ է յիշեցնել, որ 1984 թուականին ալ ԱՄՆ-ի այդ շրջանի նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն որոշած էր դուրս գալ ԻՒՆՍԷՔՕ-ի կազմէն՝ այն պատճառաբանութիւնով, որ կազմակերպութիւնը Սովետական Միութեան շահերուն կը ծառայէր։ 2003 թուականին ԱՄՆ վերստին անդամ դարձած էր ԻՒՆԷՍՔՕ-ին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 2, 2019