ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐ

Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմի բարձրաստիճան օղակներուն մէջ հերթի փոփոխութիւնները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ստորագրեց հրամանագիր մը, որու հիման վրայ արտաքին գործոց փոխ-նախարար նշանակուեցան Արտակ Ապիտոնեան եւ Գրիգոր Յովհաննիսեան։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն երկու նախկին փոխ-նախարարներ արտասահման գործուղուեցան որպէս դեսպան։ Այսպէս, նախկին փոխ-նախարարներէն Կարէն Նազարեան որպէս դեսպան գործուղուեցաւ Վատիկան, իսկ Աշոտ Յովակիմեան՝ Փրակ։

Նորանշանակ փոխ-նախարարներէն Գրիգոր Յովհաննիսեան վերջին տարիներուն որպէս դեսպան կը պաշտօնավարէր Ուաշինկթընի մէջ։ Իսկ Արտակ Ապիտոնեան Հայաստանի դեսպանն էր Փրակի մօտ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 2, 2019