ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ հիւրընկալեց երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները։ Այս առթիւ ան փոխանցեց լրագրողներուն ուղղեալ պատգամներ եւ ըսաւ. «Հայասատանի կառավարութիւնը իրմէ կախեալ ամէն ինչ պիտի ընէ՝ խօսքի եւ մամլոյ ազատութիւնը զարգացնելու եւ պաշտպանելու համար»։

Հաւաքոյթի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան լուրջ մարտահրաւէր մը նկատեց ապատեղեկատուութեան երեւոյթները, որոնք սովորաբար կ՚անուանուին «ֆէյքնիուզ»։ Ըստ իրեն, սա ոչ միայն Հայաստանի պարագային, այլեւ ամբողջ աշխարհի տեսակէտէ մեծ մարտահրաւէր մըն է։ Այդ երեւոյթի զօրացման պայմաններուն ներքեւ կը բիւրեղանայ ճշմարտութիւնը ոչ-ճշմարտութենէն տարբերակելու կարեւորութիւնը։ «Ես համոզուած եմ, թէ դուք բոլորդ, մենք բոլորս նուիրուած ենք այս աշխատանքին եւ տրամադրուած ենք համատեղ աշխատելու այդ նպատակին հասնելու համար», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 2, 2019