ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՀՐԴԵՀ

Մեծ կղզիի մէջ երէկ ծագեցաւ հրդեհ մը։ Իմամօղլու թաղամասէն ներս հրդեհը պատահեցաւ փայտաշէն երկու ախոռներու մէջ։ Ահմէտ Տալմային կը պատկանէին այդ ախոռները, ուր երէկ ժամը շուրջ 13.00-ին բռնկեցաւ հրդեհը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, պատճառները տակաւին պարզուած չեն։

Հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտեց հրդեհին։ Մալթեփէէն ալ յաւելեալ հրշէջներ ուղարկուեցան կղզի։ Այդ բոլոր ջանքերով հրդեհը մարուեցաւ, սակայն երկու ախոռները դարձան անօգտագործելի։ Հրդեհին հետեւանքով ինն ձի սատկեցաւ։ Չորս ձի ալ վիրաւորուեցաւ։ Անոնցմէ երկուքին կացութիւնը ծանր է։ Անոնք անմիջապէս բեռնատարներով փոխադրը-ւեցան Սարըեէր՝ ուր կը գտնուի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան անասուններու խնամքի կեդրոնը։ Այնտեղ սկսաւ անոնց դարմանումը։

Հրշէջ գունդի մասնագէտները կը շարունակեն աշխատանք տանիլ՝ պարզելու համար հրդեհին պատճառները։

Չորեքշաբթի, Յունուար 2, 2019