ՊՈԼՍՈՆԱՐՕ ՊՐԱԶԻԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Պրազիլի նորընտիր նախագահ Ճէյր Պոլսոնարօ երէկ երդուելով ձեռնարկեց իր պաշտօնին։ Ան երկրի 38-րդ ղեկավարն է։

Երդման արարողութեան ներկաներու շարքին էին Փորթուգալի նախագահ Մարչելօ Ռեպելօ տէ Սոուզա, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու, Հունգարիոյ վարչապետ Վիկտոր Օրպան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ։ 

Երդման արարողութեան ընթացքին Պոլսոնարօ ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ ան խոստացաւ երկրէն ներս մեծ փոփոխութիւններ ընել։ Ան կոչ ուղղեց խորհրդարանի բոլոր անդամներուն՝ որպէսզի իրենց նպաստը բերեն ապօրինութիւններու դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Ան շեշտը դրաւ Պրազիլը ապօրինութիւններու, յանցանքի եւ տնտեսութեան վատ ղեկավարման խնդիրներէն փրկելու վրայ։ Պոլսոնարօ խոստացաւ նաեւ երկիրը մաքրագործել գաղափարախօսութենէ։ Ան խոստացաւ նաեւ կառուցել հասարակութիւն մը, ուր խտրականութիւններ եւ պառակտումներ պիտի չըլլան։

Մինչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անվտանգութեան խիստ  միջոցներու պայմաններուն ներքեւ, ԱՄՆ-ի նախագահն ալ շնորհաւորական մը ուղարկեց Պրազիլի նոր ղեկավարին։ Անցեալ հոկտեմբերին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Պոլսոնարօ յաղթանակի հասած էր՝ իր խիստ ոճով եւ արմատական մօտեցումներով։ Յանցագործութիւններու թափ ստանալը լուրջ ազդեցութիւն մը ունեցած էր պրազիլցիներու այս նախընտրութեան վրայ։ Պոլսոնարօ նախկին զինուորական մըն է եւ 22 հոգիէ բաղկացեալ իր կառավարութեան կազմին մէջ կը գտնուի եօթ զինուորական։

Պոլսոնարոյի ընտրութիւնը Պրազիլ-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն տեսակէտէ ալ կը համարուի անկիւնադարձ մը։ Արդարեւ, ընտրութիւններէն առաջ ան ազդանշաններ տուած էր՝ Երուսաղէմը մայրաքաղաք ճանչնալու եւ Պրազիլի դեսպանատունը այնտեղ փոխադրելու ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 2, 2019