ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս առանցքին վրայ 2023 թուականին կը նախատեսուի բանակցութիւններուն շարունակուիլը։ Ծանօթ է, որ անցեալ տարուան վերջին օրերուն Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ նախարարներու մակարդակով առաջին շփումը տեղի ունեցած էր՝ 11 տարուան ընդհատումէ մը վերջ։ Այսպէս, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան Մոսկուայի մէջ մէկտեղուած էին՝ Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ իրենց պաշտօնակիցներուն հետ։ Այժմ, ի շարունակութիւն կը նախատեսուի այս երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ եռակողմանի նոր հանդիպում մը։ Սա պիտի ըլլայ շփումներուն երկրորդ փուլը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան արդէն հրապարակաւ տեղեկացուցած էր, որ իրադարձութիւններուն համար Թուրքիա այսպէս ընթացքի մը հետեւելու առաջարկը ներկայացուցած էր։ Ուստի, ժամանակացոյցը որքան որ ալ տակաւին յստակացած չըլլայ, հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքտատի միջեւ հանդիպում մը։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջերս յայտնած էր, որ առաջին փուլին՝ պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը եղած է օգտակար։ «Ես ալ Լաւրովի հետ պիտի տեսակցիմ։ Համոզուած ենք, թէ քաղաքական լուծումի մը հասնելու տեսակէտէ՝ Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան ճանապարհային քարտէսի մը վրայ համաձայնելուն առումով այս յանձնառութիւնը կարեւոր է։ Գաղթականներու անվտանգ ձեւով Սուրիոյ վերադարձին տեսակէտէ եւս կարեւոր է այս բանը։ Յառաջիկայ շրջանին, այս գործընթացէն ներս ճանապարհային քարտէսի որպէս երկրորդ փուլը՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը պիտի ծրագրուի։ Ժողովի ժամկէտը տակաւին յստակացած չէ։ Նոյն ձեւով յստակ թուական մը որդեգրուած չէ նաեւ՝ ղեկավարներու եռակողմանի հանդիպման համար», ըսաւ Չավուշօղլու։

Այս գործընթացին մէջ Թուրքիա միշտ շեշտը կը դնէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վրայ։ Անգարա կը հետապնդէ նաեւ Սուրիայէն գաղթականներու հոսքը կասեցնելու նպատակը։ Չավուշօղլու համոզուած է, թէ այս գործընթացը տակաւին սկզբնական փուլի մէջ է։ «Ահաբեկչութեան դէմ մեր պայքարը վճռակամութեամբ կը շարունակուի՝ եթէ պէտք է ցամաքէն, եթէ պէտք է օդէն։ Սուրիոյ ղեկավարութեան հետ ներկայ յանձնառութիւնը, այսինքն ուղղակի կամ անուղղակի շփումները որեւէ արգելք չեն ահաբեկչութեան դէմ մեր պայքարին համար։ Բազում երկիրներ կը պաշտպանեն այս յանձնառութեան գործընթացը։ Սակայն, կան նաեւ երկիրներ, որոնք դէմ են կամ վերապահ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ հաշտ աչքով չեն դիտեր այս երկխօսութիւնը։ Տակաւին խօսակցութիւններու սկիզբին կը գտնուինք։ Տակաւին չենք հասած այն փուլին, ուր կողմերը իրենց փափաքները պիտի արտայայտեն։ Շփումներուն մէջ թէեւ Իրանը չկայ, սակայն Իրանէն գաղտնի ոչինչ կայ», յայտնեց Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023