ՀԱԿԱԴԻՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Արցախի վերաբերեալ առկայ հրատապ իրադարձութիւնները տարակարծութիւններու պատճառ դարձած են Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ եւ ներկայ տարեմուտի դրութեամբ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները բնորոշուեցան բանավէճային մթնոլորտով։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ռուսաստանին հասցէագրուած լուրջ քննադատութիւններէն վերջ եղան բարձր մակարդակի վրայ արձագանգներ։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսաստան մտահոգուած է Լաչինի միջանցքին շուրջ յառաջացած լարուածութեամբ եւ կը շարունակէ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման նպաստել։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կը շարունակէ եւ մտադիր է ապագային եւս շարունակել իր միջնորդական ջանքերը՝ կատարելով առաջին հերթին այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են եռակողմանի հիմքով։ «Ռուսական կողմը պիտի շարունակէ իր աշխատանքն ու ջանքերը թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի հետ շփումներու մէջ», ըսաւ Փեսքով։

Միեւնոյն ժամանակ, ան մեկնաբանեց Նիկոլ Փաշինեանի առաջադրած գաղափարը, ըստ որու միջազգային խաղաղապահներ պէտք է ուղարկուին Լեռնային Ղարաբաղ։ Այս կապակցութեամբ ան շեշտեց, որ միջազգային խաղաղապահներ կրնան ներգրաւուիլ, եթէ հակամարտութեան երկու կողմերն ալ համաձայն գտնուին այդ բանին։ Այսինքն, որոշումը ո՛չ միայն Հայաստանին, այլեւ Ատրպէյճանինը կ՚ըլլայ։ «Հայաստան մեր ամենամօտիկ դաշնակիցներէն է, Ատրպէյճան մեր շատ արժէքաւոր ու թանկագին գործընկերն է», ըսաւ Փեսքով։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտնեց, որ անընդունելի կը համարուին իր երկրի խաղաղապահներուն հասցէագրուած քննադատութիւնները՝ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակի համատեսքին մէջ։ Արդարեւ, Մոսկուա կ՚աշխատի կացութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ։ «Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ Ռուսաստանի խաղաղապահները հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընեն՝ իրավիճակը տեղւոյն վրայ կարգաւորելու համար։ Որեւէ հանրային յարձակում այս գործին չի նպաստեր, աւելի վատ իրավիճակներ ալ եղած են», նշեց Զախարովա։

Բանբերը շեշտեց, որ եթէ Հայաստան շահագրգռուած ըլլայ, ապա Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) երկիրները կրնան դիտորդական առաքելութիւն մը ուղարկել։ «Մենք դաշնակցային պարտաւորութիւններով կապուած ենք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ։ Ուստի, միշտ կը զբաղեցնենք այնպիսի դիրք մը, որ թոյլ կու տայ արդիւնաւէտ իրականացնել միջնորդի գործառոյթը», աւելցուց Զախարովա։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մարիա Զախարովա մեկնաբանեց նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի մեղադրանքները, ըստ որոնց ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ իրենց առաքելութիւնը չեն կատարեր։ «Ոեւէ մէկը կրնա՞յ ամենայն պատասխանատուութեամբ ըսել, որ առանց խաղաղապահ զօրակազմին աւելի լաւ կ՚ըլլայ։ Կը կարծեմ՝ պատասխանը ակնյայտ է։ Ուստի, կարելի է ուզածին չափ խօսիլ այն մասին, թէ հնարաւոր է արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնել եւ այլն։ Անգամ մը եւս կրկնեմ, որ բոլորը այժմ կ՚աշխատին այս իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ։ Բայց նման բաներ ըսելն ու յայտարարելը կը նշանակէ՝ պարզապէս չհասկնալ այն իրողութիւնները, որոնք կը տիրեն դաշտի վրայ», շարունակեց Զախարովա։

Բացի Փաշինեանի խօսքերէն, բանբերը մեկնաբանեց նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի վերջին զգայացունց յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Ռուսաստան Հայաստանի վրայ ճնշում կը գործադրէ, որպէսզի Ատրպէյճանին միջանցք տրամադրէ եւ Սպիտակ Ռուսիոյ հետ մասնակից դառնայ միութենական պետութեան։ Զանգեզուրի միջանցքի պարագային Արմէն Գրիգորեանի պնդումներուն շուրջ ան ըսաւ. «Սա կեղծիք է եւ այս մասին բազմիցս ըսուած է»։ Բաց աստի, Զախարովա ընդգծեց, որ տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման ուղղեալ եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս կը քննարկուին հաղորդակցութիւններու բացման տարբեր ուղիներ՝ ներառեալ Հայաստանի հարաւէն ներս երկաթուղային գծի երթեւեկութեան վերականգնումը։ «Այդ աշխատանքի սկզբունքներէն մին, որ չի վիճարկուիր Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ, այն է, որ երթուղիներու ինքնիշխանութիւնը կը պատկանի այն կողմին, որու տարածքով կ՚անցնի», աւելցուց բանբերը։

Հուսկ, Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական համագործակցութեան։ «Իւրաքանչիւր երկիր ունի այլ պետութիւններու հետ ռազմական եւ ռազմաթեքնիք համագործակցութիւն զարգացնելու ինքնիշխան իրաւունք։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք տարածաշրջանի մեր գործընկերներուն պարբերաբար կը փոխանցենք այն տեսակէտը, թէ նման համագործակցութիւնը պէտք չէ երրորդ երկիրներու դէմ ուղղուած ըլլայ եւ պէտք չէ խախտէ Անդրկովկասէ ներս առկայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Սա հաւասարապէս կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն», նշեց Մարիա Զախարովա։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023