ԿԼՈՊԱԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ներկայիս ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Լատին Ամերիկա։ Այս շրջագայութեան առաջին հանգրուանն է Շիլի, ուր Էրտողան երէկ ունեցաւ բազմակողմանի շփումներ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Շիլիի Նախագահ Միշէլ Պաշըլէի կողմէ։ Էրտողան Շիլիի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Լատին Ամերիկայի եւ Գարիպեաններու Տնտեսական յանձնաժողովի նիստին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ ներկայիս աշխարհի բոլոր երկիրները դէմ յանդիման կը գտնուին տնտեսական անորոշութեան, ընկերային անհաւասարակշռութիւններու, աղքատութեան, բնապահպանման խնդիրներու, երիտասարդներու անգործութեան, համաճարակներու, ընկերային վանումներու։ Այս բոլոր հասարակաց խնդիրները ծնունդ կու տան անկանոն գաղթի, ահաբեկչութեան, ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան։ Էրտողան շեշտեց, թէ որեւէ երկիր չի կրնար անտարբերութիւն դրսեւորել այս երեւոյթներուն առջեւ, որովհետեւ լուծման որոնումները կը համարուին իւրաքանչիւր երկրի բարոյագիտական ու խղճի պատասխանատուութիւնը։ «Այս խնդիրներն ու անոնց տեղի տուած ողբերգութիւնները առաւել չափով զգալի են այն աշխարհագրութեան մէջ, ուր կը գտնուի Թուրքիան», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա պայքար կը մղէ այս փորձութիւններուն դէմ ու կը ջանայ յաղթահարել հետեւանքները։ Ըստ իրեն, համայն աշխարհի մէջ կայունութեան տեսակէտէ սպառնալիք կը համարուին այն վարչակարգերը, որոնք կ՚անտեսեն իրենց քաղաքացիներուն ժողովրդավարական արդար պահանջները։ «Մեր աշխարհը այն տեղն է, ուր հզօր է արդարը։ Մենք կը պայքարինք այս ուղղութեամբ», ըսաւ Հանրապետութեան նախագահը եւ ելոյթին տեւողութեան մանրամասնօրէն կանգ առաւ Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։ Ան յիշեցուց, թէ Սուրիոյ ճգնաժամը պատճառ դարձաւ, որ գաղթականներու լուրջ հոսք մը ապրուի դէպի Թուրքիա։ ՄԱԿ-ի Փախստականներու բարձր կոմիսարութեան տուեալներով, Թուրքիա այն երկիրն է, որ աշխարհի վրայ առաւելագոյն թիւով փախստականներ կը հիւրընկալէ։ Էրտողան ընդգծեց, որ թէեւ առաջին հայեացքով գաղթականաց ճգնաժամը կը թուի ունենալ տարածքաշրջանային բնոյթ մը, սակայն իրականութեան մէջ սա կլոպալ մարտահրաւէր մըն է։ Իր խօսքերով, եւրոպական երկիրները տակաւին երէկ արտաքուստ կը դիտարկէին դէպքերը, իսկ ներկայիս իրենց մօտ ամենախոր ձեւով կ՚ապրին գաղթականաց ճգնաժամին հետեւանքները։ Անոնք հիմա կը գոչեն, թէ գաղթականները չերթան իրենց մօտ։ «Շատ լաւ, ի՞նչ պիտի ընէ Թուրքիան, որու հովանիին տակ ապաստան գտած է 2.5 միլիոն մարդ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ միջազգային հաւաքականութիւնը լուծում մը պէտք է գտնէ մարդկային ճգնաժամին։ Այլապէս, համաշխարհային զարգացման ջանքերուն օրինականութիւնը հարցաքննելի պիտի դառնայ խիղճերու մօտ։ Անկարելի է, որ տնտեսական զարգացման շուրջ խօսիլը հնարաւոր ըլլայ, մինչ անմեղ մարդիկ կը սպաննուին զանգուածայնօրէն։
Էրտողան շեշտեց, որ նախազգուշական միջոցները, փակուած դռները անբաւարար մնացած են կանխելու համար ապաստանեալներու եւ գաղթականներու հոսքը։ «Գերմանիան, Ֆրանսան մեզմէ աւելի՞ աղքատ են։ Հոլանտա, Պելժիա. ասոնք մեզմէ աւելի՞ աղքատ են», ըսաւ Էրտողան եւ ընդգծեց, թէ անոնք կը փակեն իրենց դռները, իսկ Թուրքիա կ՚ընէ ճիշդ հակառակը։ Թուրքիա լայն բացած է իր սիրտն ու դռները այն մարդոց առջեւ, որոնք խոյս կու տան ռումբերէ։ Էրտողան համոզուած է, թէ միջազգային հաւաքականութիւնը ամուր համագործակցութեան մը մէջ պէտք է գտնուի այս հարցին շուրջ։ Պատասխանատուութիւնով եւ բեռը բաժնելու սկզբունքով պէտք է առաջնորդուիլ ու պէտք է գտնել իրատես լուծումներ։ Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ միջազգային հաւաքականութիւնը անկեղծ դիրքորոշումով մը իրեն զօրակցի՝ ապաստանեալներու հարցին մէջ։ Անգարա Եւրոմիութեան հետ այս շրջագծով հասած է համաձայնութեան մը, սակայն տակաւին կարելի չէ եղած շօշափելի արդիւնք մը ապահովել։ Հանրապետութեան նախագահը միեւնոյն ժամանակ յիշեցուց, որ կարգ մը երկիրներու մօտ ապաստանեալներու դէմ վանող դիրքորոշումներու ետին թաքնուած են այն մօտեցումները, որոնք առաջնահերթութիւն կու տան կրօնի կամ ազգային տարբերութիւններու։ Նման երեւոյթներու ականատես ըլլալը ցաւալի է յանուն մարդկութեան։
Շիլիի մէջ Էրտողան շեշտեց նաեւ, թէ ներկայիս համաշխարհային խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման առջեւ մեծագոյն խոչընդոտներէն մին է ահաբեկչութիւնը, որու դէմ պայքարը յաջողութեամբ կրնայ պսակուիլ՝ միայն միջազգային հարթութեան վրայ անկեղծ համագործակցութեամբ ու զօրակցութեամբ։ Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով միջազգային համագործակցութեան առումով ցարդ կատարած է իրեն վիճակածը եւ ասկէ վերջ ալ պիտի շարունակէ ընել նոյնը։ Ան ընդգծեց, թէ Թուրքիա չի զանազաներ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ու պայքար կը մղէ անոնց բոլորին դէմ։ Իր ելոյթին մէջ ան մատնանշեց, թէ անկարելի է իսլամն ու ահաբեկչութիւնը դնել կողք կողքի։ «Անոնք, որոնք իսլամը առընչակից կը դարձնեն ահաբեկչութեան հետ, մեծագոյն խրախուսանքը կ՚ընծայեն այն ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն, որոնք իրենց գոյութիւնը կը պարտին հաւատի կեղեքման», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը որեւէ կապ չունի իսլամի հետ, պարզապէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, վնաս կը հասցնէ իսլամին եւ իսլամի թշնամի կազմակերպութիւն մըն է։
Շիլիի մէջ Էրտողան յիշեցուց, որ 23-24 Մայիս թուականներուն Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովը՝ առաջին անգամ։ Սա ապացոյց մըն է, որ աշխարհի մէջ ընդունելութեան կ՚արժանանան Թուրքիոյ կողմէ յառաջ տարուած մարդասիրական օժանդակութեան ջանքերը։
Էրտողան այսօր Շիլիէն կ՚անցնի Փերու։