ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի ա­ւար­տեց դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի հրա­ւէ­րով։ Վրա­ցի նա­խա­րա­րը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Խի­տա­շե­լի այ­ցե­լեց նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լիի հետ քննար­կեց երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ու ամ­րապնդ­ման, պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէ ներս գոր­ծակ­ցու­թեան եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց հայ-վրա­ցա­կան ա­ւան­դա­կան գոր­ծըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած մօ­տե­ցում­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կա­յու­նու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Հիւր նա­խա­րա­րը նշեց, որ Վրաս­տա­նի մէջ մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տեն հայ եւ վրա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան տէր բա­րիդ­րա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս նման հին պատ­մու­թեան տէր բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ո­չինչ կրնան բաժ­նել այդ ճա­նա­պար­հին, որ­պէս­զի ա­նոնք միաս­նա­բար շա­րու­նա­կեն նոյն­քան եր­կար տա­րի­ներ։

Ա­ւե­լի վերջ Սէյ­րան Օ­հա­նեան եւ Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի Սերժ Սարգ­սեա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցին Ե­րե­ւա­նի վեր­ջին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը։

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեանն ալ հիւր նա­խա­րա­րը ըն­դու­նե­լու ժա­մա­նակ կա­րե­ւո­րեց պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը, ինչ որ կ՚ամ­րապն­դէ թէ՛ եր­կու բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րու եւ թէ տա­րած­քաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թիւ­նը։ Ըստ Աբ­րա­հա­մեա­նի, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ներ­կայ դժուար ի­րա­վի­ճա­կին հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման հա­մա­տես­քին մէջ պաշտ­պա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան ո­լոր­տէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը դար­ձած է ոչ միայն ար­դիա­կան, այլ նաեւ՝ հրա­մա­յա­կան։ Խի­տա­շե­լին ալ նշեց, որ պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէ ներս Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կ՚ըն­թա­նայ ոչ միայն երկ­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով, այլ նաեւ՝ ՆԱ­ԹՕ-ի խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թեան շրջա­նա­կէն ներս։ Հիւր նա­խա­րա­րը եւս կա­րե­ւո­րեց տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան ամ­րապն­դումն ու խա­ղա­ղու­թեան ա­պա­հո­վու­մը։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ալ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­րուն շուրջ։ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած ջան­քե­րը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն։

Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի եւ Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լիի Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ալ կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ տրուե­ցան Ե­րե­ւան-Թիֆ­լիզ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Հիւր նա­խա­րա­րը նշեց, թէ Վրաս­տան Հա­յաս­տա­նի կող­քին է տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս հիմ­նա­կան նպա­տա­կին՝ խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու հար­ցին մէջ։ Ան հա­մո­զուած է, թէ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սէ ներս խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու ձգտու­մին շուրջ կը միա­ւո­րուին այս եր­կու եր­կիր­նե­րը։ Ան բա­ցատ­րեց, որ եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ այ­ցե­լած էր Աֆ­ղա­նիս­տան, ուր տե­սած էր հայ եւ վրա­ցի խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քը։ Խի­տա­շե­լի լաւ օ­րի­նակ մը հա­մա­րեց այս ե­րե­ւոյ­թը։

Ե­րե­ւա­նի իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Խի­տա­շե­լի խօ­սե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ եւ իր երկ­րին մի­ջեւ մշա­կուած ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Ըստ ի­րեն, ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի Վրաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց թրքա­կան կող­մին՝ դա­շին­քի շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։ «Վառ օ­րի­նակ մըն է նաեւ Թիֆ­լի­զի մէջ պա­տա­հած ջրհե­ղե­ղի ժա­մա­նակ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Թուր­քիոյ կող­մէ տրա­մադ­րուած օգ­նու­թիւ­նը», ը­սաւ Խի­տա­շե­լի։

Ե­րե­ւա­նի մէջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի կող­մէ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մօտ, մա­նա­ւանդ քուէար­կու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ որ­դեգ­րուած դիր­քո­րո­շում­նե­րը, ո­րոնք յա­ճախ փո­խա­դար­ձա­բար չեն ար­դա­րաց­ներ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։ Ա­մե­նա­վեր­ջին օ­րի­նա­կը վեր­ջերս ապ­րուե­ցաւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին մօտ, ուր վրա­ցա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ամ­բողջ կազ­մով հա­ւա­նու­թիւն տուաւ ոչ հա­յան­պաստ եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րուն։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Խի­տա­շե­լի այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ. «Չեմ կար­ծեր, թէ մեզ­մէ ոե­ւէ մէ­կը գոհ է մեր պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու քուէար­կու­թիւն­նե­րէն»։­

Իր կար­գին, հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Սէյ­րան Օ­հա­նեանն ալ նշեց, թէ հայ-վրա­ցա­կան դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան ո­գիին հա­մա­հունչ ըն­թա­ցած են վեր­ջին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին շօ­շա­փուած են երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս վստա­հու­թեան մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րը։ Ըստ ի­րեն, պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տէն ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կ՚ընդ­լայ­նուի եւ այս կա­պակ­ցու­թեամբ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց վրա­ցա­կան կող­մի մօ­տե­ցում­նե­րուն հա­մար։ Անդ­րա­դառ­նա­լով տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան՝ Սէյ­րան Օ­հա­նեան դի­տել տուաւ, որ անհ­րա­ժեշտ է խնդիր­նե­րը լու­ծել քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով եւ ստեղ­ծել հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան մթնո­լորտ։ «Մենք Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի ա­պա­գան կը տես­նենք կա­յու­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան մէջ», ը­սաւ Օ­հա­նեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի հա­սա­րա­կաց նպա­տակն է տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թիւ­նը։ Ան հա­մո­զուած է, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի, թէեւ եր­կու եր­կիր­նե­րը անվ­տան­գու­թեան տար­բեր հա­մա­կար­գե­րու մէջ կը գտնուին, սա­կայն այս ե­րե­ւոյ­թը չի խան­գա­րեր, որ ա­նոնք հա­րե­ւա­նա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծեն տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։

ՄԱՅՐ Ա­ԹՈ­ՌԻ ՄԷՋ

Միւս կող­մէ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ալ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ող­ջու­նեց եր­կու հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած սերտ կա­պե­րը։ Ան գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ պե­տա­կան զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ ձե­ւա­ւո­րուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը կանգ ա­ռաւ հայ-վրա­ցի հա­ւա­տա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րե­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­տի եւ ինք­նու­թեան պահ­պան­ման խնդիր­նե­րուն վրայ։ Ա­նոնք ու­նե­նա­լով միեւ­նոյն քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գը, մշտա­պէս զօ­րա­կից ու սա­տար հան­դի­սա­ցած են ի­րա­րու։ Խօ­սե­լով հա­յոց եւ վրաց ե­կե­ղե­ցի­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յոյս յայտ­նեց, որ վի­րա­հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեան­քէն ներս առ­կայ խնդիր­նե­րը պի­տի գտնեն ի­րենց անհ­րա­ժեշտ լու­ծու­մը՝ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան ո­գիին հա­մա­հունչ։

Իր կար­գին, Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի Նո­րին Սրբու­թեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար ու նշեց, թէ քա­ջա­տե­ղեակ է հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ու­նե­ցած բա­ցա­ռիկ դե­րա­կա­տա­րու­թեան։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին Մայր Ա­թո­ռի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու հո­գե­ւոր փոխ-ա­ռաջ­նորդ Տ. Մով­սէս Ա­բե­ղայ Սարգ­սեան, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան, որ կ՚ու­ղեկ­ցէր հիւր պա­տուի­րա­կու­թեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016