ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵԱՀԿ-Ի ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ԴԱՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպումը կազմակերպուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Սորոքինի նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ։
Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան անցեալ տարեվերջին՝ Դեկտեմբերին Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին արդիւնքները։ ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի վերջին նիստի արդիւնքներուն զուգահեռ՝ քննարկուեցան նաեւ կազմակերպութեան շարք մը օրակարգային հարցերը, ինչպէս նաեւ այս տարուան ԵԱՀԿ-ի մօտ Գերմանիոյ շրջանային նախագահութեան վերաբերեալ խնդիրներ։
Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։ Ան նշեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու աշխոյժ դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ տարեվերջին Պեռնի մէջ կազմակերպուած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման արդիւնքներուն։
Նախարար Նալպանտեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակի գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Սորոքինի բեղմնաւոր աշխատանքին համար։
Միւս կողմէ, Եդուարդ Նալպանտեան Երեւանի մէջ այսօր կէսօրուան ժամերուն սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որով ամփոփեց անցեալ դիւանագիտական տարին։ Այս մամլոյ ասուլիսին յաջորդեց պաշտօնական ընդունելութիւն։