ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ՀԻՆԳ ՆԱՀԱՏԱԿ

Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գին վրայ մշտա­կան տեղ կը զբա­ղեց­նեն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ յա­ռաջ տա­րուած լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ դար­ձեալ ցա­ւա­լի լու­րեր հա­սան Տիար­պա­քը­րէն։ Սու­րի մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ նա­­հա­տա­կուե­ցաւ հինգ զի­նուոր։ Դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով եօթ անվ­տան­գու­թեան պաշ­տօ­նեայ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­հա­տակ զի­նուոր­ներն են՝ Սեր­քան Պու­լաք (27), Նուս­րէտ Աթ­մա­ճա (36), Պե­քիր Շիմ­շէք (25), Հիւ­սէ­յին Շէր­պէթ­ճի (27) եւ Րէ­ճէպ Էր­տո­ղան (26)։­

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ փո­րուած խրա­մատ­նե­րը փա­կե­լու եւ ար­գելք­նե­րը վերց­նե­լու հա­մար ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ նա­հա­տա­կուե­ցան այս զի­նուոր­նե­րը, ո­րոնց կո­րուս­տը խոր ցաւ ու ցա­սում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է ամ­բողջ Թուր­քիոյ մէջ։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016